ԱՐՄԱՒԻՐՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՄԻԱԿ ԵԼՔԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆ Է» Կ՛ԸՆԴԳԾԵՆ ՀՅԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Անցեալ շաբաթ օր «Մեր նպատակը ամբողջական իշխանափոխութիւնն է» կարգախօսով ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հերթական հանդիպումը Արմաւիրի մէջ էր:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան խմբակցութեան գործունէութիւնը ներկայացուց մարզի բնակչութեան` Արմաւիրի մշակոյթի տան մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին: Հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, դժուարութիւններուն եւ խմբակցութեան փոքրաթիւ ըլլալուն, Դաշնակցութիւնը յատուկ գիծ որդեգրած է եւ կը փորձէ թոյլ չտալ այնպիսի օրէնքներու, որոշումներու ընդունումը, որոնք միտուած չեն Հայաստանի մէջ իրավիճակի բարելաւման:
Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ այսպիսի օրինագիծեր շատ կը ներկայացուին խորհրդարանին մէջ, որովհետեւ երկրին իշխանութիւնը մոռցած է երկրին ծառայելու իր պարտականութիւնը եւ որոշած է, որ ժողովուրդը պէտք է իրեն ծառայէ:
Ան նշեց, որ մարդոց մօտ կը նկատուի անտարբերութիւն: Օրէնքին առջեւ այսօր բոլորը հաւասար չեն եւ ասիկա հիասթափութեան մեծագոյն չափաբաժինն է: Իրավիճակը կրնայ փոխուիլ միայն մէկ պարագայի:
«Մենք այնքան չենք, որ կարենանք յաղթահարել դժուարութիւնները. երբեմն կռիւով, նաեւ` համաձայնական կառավարութեան մէջ մտնելով, փորձեցինք ներսէն բան մը փոխել: Բայց չյաջողեցանք: Ո՛չ թէ այն պատճառով, որ քիչ ենք, այլ որովհետեւ ժողովուրդը անտարբեր դարձած է», ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան:
Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը համոզուած պէտք է ըլլայ, որ ամէն ինչ իր ձեռքին մէջ է` աւելցնելով, որ ժողովուրդը նախ եւ առաջ պէտք է ինքն իրեն հաւատայ, որ իր քուէն շատ աւելի կ՛արժէ, քան այն ինչ որ կը վաճառեն ընտրութիւններու օրը:
«Մեր խոր վերլուծումը յանգեցուցած է այն եզրակացութեան, որ իսկապէս պատճառներուն պատճառը ոչ միայն իշխանութիւններուն` անոնց սխալ ըլլալուն մէջ է, այլ նաեւ այն համակարգին, որմէ ծնած է այս իշխանութիւնը: Եւ սուտ է այն կարծիքը, որ այս համակարգով նոր իշխանութիւններ պիտի գան եւ իրավիճակը պիտի փոխուի», յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանն ալ արմաւիրցիներուն ներկայացուց կառավարութեան ընկերային մարզի բարեփոխումներու ծրագիրը: Իրականութեան մէջ որեւէ բարեփոխում չի կրնար ըլլալ, քանի տակաւին Հայաստանի մէջ սպառողական նուազագոյն զամբիւղը չէ սահմանուած 65,000 դրամով, ինչ որ տարիներ շարունակ կը պահանջէ Դաշնակցութիւնը, իսկ կառավարութիւնը կը մերժէ: Իբրեւ արդիւնք, երկրին մէջ աղքատ բնակչութեան թիւը արդէն վտանգաւոր դարձած է:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ասիկա արդէն ազգային աղէտ է: Ան նշեց, որ այսպիսի ընկերային հիմք ունեցող երկրի մը մէջ չի կրնար ապագայ ըլլալ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները պատասխանեցին նաեւ արմաւիրցիներու հարցումներուն: Բոլոր հարցումներուն մէջ կարմիր թելի պէս մէկ միտք կ՛անցնէր` ստեղծուած իրավիճակը. կարելի չէ այլեւս իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը հանդուրժել: Միակ ելքը համակարգային եւ ամբողջական իշխանափոխութիւնն է:


