ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յետաձգեց Պէյրութ իր այցելութեան թուականը` ցնոր տնօրինութիւն:
Կը նախատեսուէր, որ Արապի Պէյրութի մէջ անջատ խորհրդակցութիւններ ունենար նախագահ Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ երեկոյ վերադարձաւ Պէյրութ` Տոհայի նախարարական նախաձեռնութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելէ ետք: Այս առիթով Մանսուր քուլիսներու ետին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի եւ անոր տեղակալ Ֆայսալ Մըքտատի հետ:
«ՈՒԱԼԻՏ ԺՈՄՊԼԱԹԻ զաւկին` Թէյմուրի` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ ըլլալու որոշումը կը կայանայ նոյնինքն Թէյմուր Ժոմպլաթի մօտ», յայտարարեց կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շերիֆ Ֆայեատ պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին` ընդգծելով, որ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի արդիւնքները բնական էին:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ տարեսկիզբին շատ հաւանաբար այցելէ Ռումանիա` ընդառաջելով այս գծով իրեն ուղղուած հրաւէրին, Ռումանիոյ դեսպանին կողմէ:
Միւս կողմէ, վարչապետը երէկ ընդունեց վեթերան դատաւորներու, դեսպաններու, պաշտօնատարներու եւ զինեալ ուժերու համակարգիչ մարմնի պատուիրակութիւնը, որ վարչապետին յիշեցուց 1998-ին լոյս տեսած օրինագիծ մը` իրենց իրաւունքներուն յետնեալ զօրութեան գծով:
