«ԱՆՊԱ» ԹԵՐԹԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՎՏԱՆԳ ՉԿԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՄ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ
Լաւատեղեակ ու իրազեկ աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները` քուէյթեան «Անպա» թերթը յայտնեց, որ զինուորական յարձակման որեւէ վտանգ կամ սպառնալիք չկայ Լիբանանի կամ Իրանի դէմ:
Ըստ նոյն թերթին այս կարծիքին հիմնական շարժառիթը Եւրոպայի թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի վրայ բանեցուած անուղղակի ճնշումն է Լիբանանի թէ Իրանի դէմ զինուորական որեւէ քայլէ զգուշանալու գծով: «Անոնք չեն ուզեր պատերազմը առաջնահերթութիւն» դարձնել ներկայ հանգրուանին:
CATEGORIES Լիբանանեան

