ՊԱՍԻԼ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՈՒԱՒ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՄԱՆ

Պասիլ կը յայտարարէ ծրագիրի սկիզբը

Զօրակցութեամբ «Ուժանիւթի պահպանման լիբանանեան կեդրոն»ին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ յատուկ հանդիսութեամբ պաշտօնապէս ազդանշանը տուաւ «Ուժանիւթի խնայողութեան լուսաւորումի զարգացման ծրագիր»ին սկզբնաւորման:

Երեսփոխաններու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեան կայացած այս հանդիսութեան իր արտասանած խօսքին մէջ, նախարար Պասիլ յայտնեց, որ այս գծով 1500 յատուկ սարքաւորումի կազմածները ձրիօրէն կը տրամադրուին քաղաքապետութեանց, ինչ որ միաժամանակ պիտի ապահովէ շրջաններու եւ փողոցներու լուսաւորումը` արեգակնային ուժի միջոցով:

Share this Article
CATEGORIES