ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ` ԱՏՀԱՅԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Յառաջիկայ երկուշաբթի, 7 եւ երեքշաբթի, 8 նոյեմբերին պետական պաշտօնական արձակուրդ յայտարարուեցաւ վարչապետարանէն հրապարակուած շրջաբերականով մը, որ ըստ 27/9/2005 թուակիր թիւ 15215 օրինագիծին փակ կը յայտարարէ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետութիւնները:
Նշենք, որ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտարարեց, որ երկուշաբթի, 7 նոյեմբերը Ատհայի տօնին առաջին օրն է:
ՆԱԵՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ
Կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ երէկ շրջաբերականով մը պետական եւ սեփական վարժարաններուն մէջ եռօրեայ արձակուրդ յայտարարեց Ատհայի տօնին առիթով` տօնի առաջին օրէն սկսեալ:
CATEGORIES Լիբանանեան

