ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեանը. ան Պըրրիին յանձնեց «Վարքագիծ ու սկզբունքներ` ներշնչուած լիբանանեան քաղաքացիութենէն ու մարդկայնութենէն» խորագիրը կրող իր վերջին գիրքէն օրինակ մը:
Նախքան Տէտէեանը ընդունիլը, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Հիլըրի Ատամզի, եւ ապա` նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունիի անջատ այցելութիւնները:
ՄԻՒՍ կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած գահաժառանգին` Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ իշխանին:
CATEGORIES Լիբանանեան


