ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐՈՒ ՄԱԳԼՑՈՒՄԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ` ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Աշխատավարձերու յաւելումը դարձեալ օրակարգի վրայ դրուեցաւ` սպասելով այս գծով պատկան կողմերու վճռական որոշումին: Արդարեւ, կը նախատեսուի, որ նախարարաց խորհուրդը իր այսօրուան նիստին վերստին քննարկէ այս հարցը` լսելէ ետք պատկան կողմերու կարծիքները: Այս գծով առաւելագոյնը մէկ շաբաթէն այս հարցը վճռելու կոչով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանցի գործարարներու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ֆուատ Զըմքահալի:

Այս առիթով Զըմքահալ պատրաստակամութիւն յայտնեց խորհրդակցութեան նստելու պատկան բոլոր կողմերուն հետ` քննարկելու համար փոքր, միջին թէ երկարաշունչ ընկերային ծրագիրներու որդեգրման կարելիութիւնը:

Իր կարգին, նախարար Շարպել Նահհաս ընթացիկ 24 ժամերուն ընթացքին պիտի տեսակցի աշխատաւորական թէ այլ պատկան կողմերուն հետ եւ իր խորհրդակցութեանց արդիւնքները պիտի փոխանցէ նախարարական յանձնախումբին:

Միւս կողմէ, Պէյրութի Առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս դրական մօտեցում ցուցաբերեց աշխատավարձերու հարցի քննարկման գծով` ընդգծելով, որ «այս գծով ոչ մէկ բան կարելի է յայտարարել, նախքան սղաճի ճշդումի յանձնախումբի նիստը»:

ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆՆԵՐՈՒ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐԸ
ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Զուհէյր Պըրրօ երէկ քննադատեց պետական պատկան կողմերուն կրաւորական եւ անտարբեր կեցուածքը սպառողական, յատկապէս տարրական նիւթերու եւ ուտեստեղէններու սակագիներու աննախընթաց յաւելման գծով: Արդարեւ, անցնող հոկտեմբերին, աւելի քան տասներկու հիմնական ուտեստեղէններու տեսակներ սրընթաց մագլցում արձանագրեցին (ինչպէս` պանիրի, հաւկիթի սակագիները…), օգտուելով աշխատավարձերու յաւելման որոշումին պատճառով ստեղծուած շփոթ կացութենէն…

 

 

Share this Article
CATEGORIES