ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՐԱՔ
«Խրախուսուեցէք ու պահպանեցէք ձեր գոյութիւնը, պիտի ըսենք քրիստոնեաներուն», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը նախքան Իրաք իր մեկնումը` ընկերակցութեամբ ասորի կաթողիկէներու Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքին:
Իր կարգին, Ասորիներու լիկան երէկ ողջունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին Իրաք կատարած այցելութիւնը` զայն նկատելով շրջանի քրիստոնէութեան զօրակցող քայլ մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

