ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻ ՕՐԷՆՔԻ ՄԸ ՄՇԱԿՄԱՆ ՈՒ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Նախարարաց խորհուրդի նիստին նախօրեակին, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին կարելի ըլլայ յանգիլ օրուան պայմաններուն եւ լիբանանեան բոլոր խմբաւորումներու տեսլականներուն յարմարող ու համընկնող ժամանակակից ու արդի ընտրական օրէնքի նախագիծի մը:
Նախագահ Սլէյման խիստ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ այս հարցը իր բոլոր երեսներով ու պատկան կողմերու ներկայութեան պէտք է քննարկուի նախարարաց խորհուրդի նիստին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ անջատաբար ընդունեց պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, նախկին երեսփոխան Նայլա Մուաուատն ու իրլանտական պատուիրակութիւն մը:
CATEGORIES Լիբանանեան


