ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
«Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած քարոզարշաւն ու յարձակումները ո՛չ մարդկային իրաւունքի, ո՛չ բարեկարգումի, ո՛չ ալ ազատութեան կամ ժողովրդավարութեան պահանջի առաջադրանքով են, այլ` անոնք կը միտին հարուածել Դիմադրութեան յառաջատար հիմնասիւներէն Սուրիան: Մենք դէմ չենք ժողովուրդներու ազատութեան, բարեկարգումի, թէ ժողովրդավարութեան պահանջներու զօրակցութեան: Սակայն այդ բոլորը կը կատարուին նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ», ընդգծեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ` ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն կատարած իր այցելութեան առիթով:
Իրանի դեսպանը դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի վերջին իրադարձութեանց եւ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ:
Այս առիթով Իրանի դեսպանը այցելեց նաեւ «Ազդակ»ի խմբագրատուն, «Վանայ Ձայն» եւ Համազգայինի գրախանութ:


