ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ԱԺԱՆԱԳԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒՄՆԵՐ

Հիմա այդ վերագրումներու թիրախը վստահաբար Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է: Հինգշաբթի օրուան հանրահաւաքին ժամանակ, Տէր Պետրոսեան չընդառաջեց «Հիմա՛, հիմա՛» գոռացողներուն ու ցոյցը չվերածեց իշխանութիւն տապալելու արկածախնդրութեան. ան, իր այդ վարքագիծով, զոր ես իբրեւ ողջախոհ կեցուածք գնահատեցի, իր կողմնակիցներու մէկ մասին համար անհասկնալի եղաւ եւ այդ չհասկցողները փութացին իրենց առաջնորդին նկատմամբ կասկածներ սնուցանել, թէ` չըլլա՞յ որ ան ալ գաղտնօրէն իշխանութեանց հետ գործարքի մտած է, ծախուած է:

Կոյր վստահութեամբ փողոց իջած ու մինչեւ վերջ իրենց առաջնորդին հետեւելու վճռականութեամբ լեցուած, իսկ հիմա, նոր մարտավարութենէն շփոթի մատնուած ցուցարարները ժամանակ կամ սիրտ չունին խորունկ վերլուծումներով բացայայտելու Տէր Պետրոսեանի քայլերուն շարժառիթները, հետեւաբար, իրենց յուսախաբութիւնն ու ընդվզումը կ՛արտայայտեն` իյնալով վերագրումներու հողմապտոյտի մը մէջ` աջ ու ձախ դաւաճաններ ու ծախուածներ փնտռելով:

Աժանագին այսօրինակ վերագրումները միշտ ալ վիրաւորած են զիս` որո՛ւ դէմ ալ ուղղուած ըլլան անոնք: Մեր միջավայրին մէջ, ուր դէպքերուն հեռուէն հետեւելու, զանոնք սառնասրտօրէն դատելու, վերլուծելու հնարաւորութիւնը ունինք, այստեղ կիրքերը աւելի բուռն են կարծես, ու մարդոց զայրոյթը` այնքան ուժեղ, որ կը սանձազերծէ լեզուն` անոր տալով այլապէս անընդունելի մակարդակներու իջնելու արտօնութիւն: Բոլորս ալ ականատես եղած ենք, թէ ինչպէ՛ս, գրեթէ միշտ նոյն վիրաւորական բառամթերքով համեմուած սուր վիրաւորանքներ ուղղուած են քիչ թէ շատ տարբեր մտածող քաղաքական գործիչներու ու մտաւորականներու` խանգարելով, խոչընդոտելով հրապարակային իմաստալից զրոյցներ ունենալու բոլոր ճիգերը:

Մէկ բան յստակ է. կայ դժգոհութեան ու զայրոյթի վաւերական պատճառներ ունեցող մարդոց խումբ մը, որ զանազան պայմաններու բերումով կամ նոյնիսկ հոգեխառնութեամբ այդպէս տրամադրուած ըլլալով` դիւրին զոհ կը դառնայ նեղ, անձնական գցուց շահերէ դրդուած հրահրիչներու գրգռութիւններուն:

Քաղաքական հակառակորդները վարկաբեկելու լաւագոյն միջոցն էր ու կը մնայ հիմնաւորուած վերլուծումներով անոնց գաղափարներու սնանկութիւնը կամ պարզապէս` անոնց թերութիւնները մատնանիշ ընելը: Այդպիսով հարուածը աւելի կը ցաւցնէ, աւելի կ՛ազդէ, յատկապէս քաղաքական գործիչներուն վրայ, որոնց մաշկը արդէն հաստացած պէտք է ըլլայ աժանագին վերագրումներու տեղատարափներէն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES