ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ 2012-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Դուին Մումջողլեան

ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեան, որ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւելով ապահոված էր Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիականի խաղերու իր տոմսը, նախորդ շաբաթավերջին իր հօր` Րաֆֆի Մումջողլեանի հետ մեկնեցաւ Չինաստան, յատուկ բանակում կատարելու եւ առաւելագոյն ձեւով պատրաստուելու համար ողիմպիականին:

Ողիմպիականի այդ խաղերուն մասնակցիլը բնականաբար ոչ միայն Դուին Մումջողլեանի համար կը նկատուի մեծ եւ կարեւոր, այլ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին եւ անշուշտ Լիբանանի համար:

 

Share this Article
CATEGORIES