ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՌԻԱՏԻԻ ԵՐՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԵՒ ՄՈՒԹԹԱՀԵՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ախոյեան Ռիատի Պէյրութ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) 80-64 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Պէյրութը:
Յաջորդական երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Մութթահետ կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Սաժեսէն, 75-70 արդիւնքով, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Զահլէի մէջ յաղթանակ արձանագրեց Հուփս, որ 98-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հաուշ Ումարան:
Վերջապէս, Շանվիլ 76-73 արդիւնքով յաղթեց Անիպալ Զահլէի:
3-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Պաժժէ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
CATEGORIES Մարզական


