ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍԱԼԱՀ ՌԱՊՊԱՀ ՏԻՐԱՑԱՒ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը, որ եղաւ ժամացոյցի դէմ մրցում մը, աւարտեցաւ Սալահ Ռապպահի (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 49′ 11″ արդիւնք մը:

2-րդ դիրքը գրաւեց Զահեր Հաժ (Ամալ Պիքֆայա, 18″ ուշ), իսկ 3-րդ դիրքը` Պասսամ Տըննաուի (ՀՄՄ Պէյրութ):

Նշենք, որ մրցումին ազդանշանը տուաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներ Նազարեթ Հապիպեանի, Ռոպեր Բաթաբութեանի եւ Մինաս Մելքոնեանի:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող «Սքոթ» ընկերութեան ներկայացուցիչին, որ ախոյեանութեան հովանաւորն է:

Նշենք, որ այժմ հեծելանւորդներուն դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

 

ԿԷՏ
1.- Սալահ Ռապպահ 97
2.- Զահեր Հաժ 90
3.- Ապտալլա Արապ 86
 

Խումբերու դասաւորում.

ԿԷՏ
1.- ՀՄՄ Պէյրութ 242
2.- Ամալ Պիքֆայա 234
3.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 225
Share this Article
CATEGORIES