50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԼԵՀ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Սեպտեմբեր 26-ին Երեւան ժամանած են խումբ մը լեհ գրագէտներ, մեծ մասամբ ծանօթ դէմքեր` Լեհաստանի մէջ: Ասոնց մէջն է բանաստեղծ մը` Լ. Պշեմսկի, որ ծրագրած է լեհերէնի թարգմանել «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը:
ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ռուսերէնով լոյս տեսաւ Սայաթ Նովա գիրքը, ուր զետեղուած են ծանօթ աշուղին լաւագոյն գործերը:
Գիրքը պատրաստած եւ յառաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները գրած է Սուրէն Գաշսարեան: Զետեղուած կտորները թարգմանուած են Վալերի Բրիւսովի, Ս. Շերվինսքիի, Վ. Զվեազինցեւայի, Մ. Լոզինսքիի եւ ուրիշներու կողմէ:
Գիրքին տպաքանակն է 25.000 կը բաղկանայ 280 էջերէ:
ՄԻՕՐԵԱՅ ԱՌՈՂՋԱՐԱՆՆԵՐ
Առողջարաններու նոր դրութիւն մը կը կիրարկեն կարգ մը գործարաններ: Միօրեայ առողջարանները, ինչպէս կ՛երեւայ անունէն, սահմանուած են անոնց համար, որոնք, իրենց գործը վերջացնելէ ետք, կը մեկնին առողջարան, կ՛ուտեն, կը հանգստանան, գիշերը կ՛անցընեն եւ յաջորդ օրը կը վերադառնան աշխատելու:
Այս տեսակ առողջարան մը շինուած է 150 հոգիի համար: Արագածի լանջին, Արթիկի բանուորներուն համար:
ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ Ա. ՊԱՏԳՄ. ԺՈՂՈՎԸ
ՆԵՐԿԱՅԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽՆ Է 300.000 ՏՈԼԱՐ
Ինչպէս գրած էինք, Նիւ Եորքի «Սթաթլըր» պանդոկին մէջ անցած ուրբաթ եւ շաբաթ օրեր տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ կրթական հիմնարկութեան Պատգմաւորական ժողովը: Բացումը կատարած է առաջնորդական տեղապահ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան: Կարդացուած են Զարեհ կաթողիկոսի եւ Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. շնորհաւորական հեռագիրները:
Պատգմ. ժողովի աշխատանքներուն նախագահած է Կրթ. հիմնարկութեան ատենապետ ծանօթ մարդասէր Յովսէփ Փիրումեան: Հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդին քարտուղար Հերի Քարեան կարդացած է կազմակերպութեան գործունէութեան տարեկան տեղեկագիրը: Արշի Տիգրանեան կարդացած է զեկոյց մը` Ամերիկայի մէջ ազգային կրթարան մը հաստատելու մասին: Հիմնարկութեան վերաբերող հարցերու մասին խօսած են` Քարեան, Կռանեան եւ Մարգարեան:
Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ բաժին մը:
Հաստատուած է , թէ հիմնարկութիւնը աշխուժ ու կորովի գործունէութիւն մը ունեցած է` օժանդակելով միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հայ կրթարաններու: Հիմնարկութիւնը տուած ու գործադրած է գեղեցիկ որոշում մը` կազմելով մնայուն դրամագլուխի ֆոնտ մը, իր հիմնադիր-անդամներուն նուէրներով:
Այդ առիթով պաշտօնապէս հաղորդուած է, թէ 22 ապրիլ 1961-ին գոյացած է 260.000 տոլարի գումար մը, Ֆրեզնոյի մէջ ծախելով այն կալուածը, զոր նուիրած էր բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան:
Ներկայիս կրթական հիմնարկութեան դրամագլուխն է մօտ 300, 000 տոլար:

