ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՍ` ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԱԿԱՆ
ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱԿ

Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին

Կարս դարեր շարունակ օսմանեան տիրապետութեան ենթարկուեցաւ եւ յետոյ ալ Ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ, որմէ ետք ընդարձակուեցաւ եւ բարգաւաճեցաւ: 1920-ին թուրքեր գրաւեցին Կարսը:

 

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ

Կարս ԺԶ. դարուն թուրք-պարսկական պատերազմներու թատերաբեմ դարձաւ եւ քանի մը անգամ ձեռքէ-ձեռք անցաւ:

Օսմանեան սուլթան Սիւլէյման 1548ին գրաւեց Կարսը եւ նորոգել տուաւ անոր բերդը: Պարսից Թահմազ Ղուլի խան, օսմանցիներու դէմ մղուած արիւնահեղ կռիւներէ ետք, 1551-ին ստիպուած եղաւ հրաժարելու կարսէն, բայց պայման դրաւ, որ օսմանցիք հոն ամրոցներ պիտի չշինէին:

Սակայն օսմանցիք սուլթան Մուրատի հրամանով 1579ին վերանորոգեցին քաղաքին եւ բերդին պարիսպները: Մուսթաֆա փաշա չորս ամրոցներ կառուցեց հոն եւ բերդին չորս կողմն ալ խրամներ փորել տուաւ: Կ՛ըսուի, որ այդ պեղումներու ժամանակ արձանագրութիւն մը գտնուած է, որմէ յայտնի կ՛ըլլայ թէ բերդին շինութիւնը տեղի ունեցած է հինգ դար առաջ. այդ արձանագրութիւնը ագուցուած էր քաղաքին հարաւային դրան վրայ:

Կարս օսմանեան բանակի կարեւոր յենակէտերէն մէկը դարձաւ, եւ չորս ամրութիւնները մարտկոցներու վերածուեցան:

Թուրք ուղեւոր Էվլիա Չելեպի կը գրէ, որ «Կարսի բերդը ունէր քարաշէն ամրակառոյց պարիսպներ` պահակատուներով, երկաթէ երեք դարպասներ, 220 ամրակուռ աշտարակներ եւ 2080 պատնէշ ու պատուար: Պարիսպներու անկիւններուն կային չորս մեծ աշտարակներ` հայերէն արձանագրութիւններով եւ խաչարձաններով: Միջնաբերդը կը գտնուի լերան ստորոտը, ժայռի մը վրայ, իսկ ստորին պարիսպը կը գտնուի հարթութեան մը վրայ: Ընդամէնը հինգ կարգի ամուր պարիսպներ ունի: Բերդի պարիսպը կը նայի դէպի արեւելք: Վերին բերդ կոչուած միջնաբերդի դարպասը կը բացուի դէպի արեւմուտք եւ երկաթէ ամուր դարպաս է»: Ան կ՛աւելցնէ նաեւ ըսելով, որ բերդը 70 օրուայ ընթացքին վերակառուցուած է:

Թուրք- պարսկական իրերայաջորդ պատերազմներու ժամանակ Կարս նորանոր աւերածութիւններու ենթարկուեցաւ եւ քանի մը անգամ ձեռքէ-ձեռք անցաւ: 1639-ի դաշնագիրով անիկա կրկին անցաւ Օսմանեան կայսրութեան եւ համանուն վիլայէթին կեդրոնը դարձաւ:

Պարսից Նատիր շահ 1735-ին եւ երկրորդ անգամ` 1744-ին պաշարեց Կարսը, բայց չյաջողեցաւ գրաւել զայն:

ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Կարս Ի. դարուն սկիզբը

Ռուս-թրքական 1806-1912-ի պատերազմին ժամանակ, 1807-ին ռուսական բանակը զօրավար Կուտովիչի հրամանատարութեան տակ կովկասեան ճակատին վրայ յարձակման անցաւ Կարսի ուղղութեամբ եւ Գիւմրիի մօտ պարտութեան մատնեց Եուսուֆ փաշայի օսմանեան 20 հազարնոց բանակը:

 

Պատերազմի աւարտէն ետք Կարսի միջնաբերդը վերակառուցուեցաւ: Կարս գետի բարձրադիր ափերուն նոր ամրութիւններ հիմնուեցան: որոնք իրարու միացուեցան կամուրջներով եւ ճանապարհներով:

Ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմին, 1838 յունիս 14-ին ռուսական բանակը զօրավար Պասկեւիչի հրամանատարութեան տակ, Ախուրեանը անցնելով գրոհեց Կարսի ամրոցին վրայ եւ յունիս 23 (յուլիս 5)ին գրաւեց զայն ու 11 հազար զինուոր գերի բռնեց: Բայց յաջորդ տարի, Ատրիանապոլսոյ դաշնագիրով ռուսական բանակը քաշուեցաւ Կարսէն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանէն:

Այս ժամանակ Կարս մօտաւորապէս 850 տուն բնակչութիւն ունէր, որուն 600 տունը` հայ: 1830-ին մօտաւորապէս 5500 հայեր Կարսէն գաղթեցին դէպի Արեւելեան Հայաստան եւ գլխաւորաբար Փամբակի եւ Շորագեալի (Շիրակ) շրջաններուն մէջ բնակութիւն հաստատեցին: Նոյն ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէ հայեր Կարս գաղթեցին:

Խրիմի պատերազմին ժամանակ (1853-1856) օսմանեան բանակին օժանդակելու նպատակով բրիտանական զօրագունդ մը զօրավար Ուիլիըմ Ֆենուիք Ուիլիըմսի հրամանատարութեան տակ կեդրոնացուեցաւ Կարսի մէջ, Կովկասէն եւս ճակատ բանալու համար Ռուսիոյ դէմ: Օսմանցիք զօրք կեդրոնացուցին նաեւ Պաթումի, Էրզրումի, Արտահանի եւ Պայազիտի մէջ: 1853 սեպտեմբերին սահմանային բախումները սկսան եւ հոկտեմբերին հասան Ալեքսանդրապոլի դուռերը: 1854-ին ռուսեր հակայարձակողականի անցան: Զօրավար Մուրաւիովի ռուսական 40 հազարնոց բանակը 1855-ի գարնան նահանջի մատնեց Պայազիտի եւ Արտահանի թրքական զօրքերը եւ պաշարեց Կարսի 33 հազարնոց կայազօրը: Պաշարուած զօրքին մէջ քոլերայի համաճարակ մը սկսաւ, ուտեստեղէնը սպառեցաւ եւ վեց ամիսէ ի վեր պաշարուած կայազօրը անձնատուր եղաւ: Փարիզի հաշտութեան դաշնագիրէն ետք, 1856 օգոստոս 6-ին ռուսական զօրքը քաշուեցաւ Կարսէն:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ

Կարսի համայնապատկերը

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին, կովկասեան ճակատի վրայ, 1877 նոյեմբեր 6-ին, ռուսական զօրքը հայազգի զօրավարներ Լորիս-Մելիքովի եւ Լազարեւի հրամանատարութեան տակ գրոհով մը գրաւեց Կարսը: Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով Կարս միացուեցաւ  Ռուսական կայսրութեան:

Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս կազմաւորուեցաւ Կարսի մարզը` 16,869 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Կարս քաղաքը: Մարզը իր կարգին բաժնուեցաւ չորս շրջանի` Արտահանի, Կաղզուանի, Կարսի եւ Օլթիի: Մարզին կառավարիչը զօրավար նահանգապետն էր, որուն կողքին կար մարզային կառավարչութիւնը:

Կարս արագօրէն ընդարձակուեցաւ եւ բարգաւաճեցաւ: Կարս գետի աջ ափին, միջնաբերդէն հարաւ տարածուող դաշտագետնին վրայ կազմաւորուեցան նոր թաղամասեր` ընդարձակ փողոցներով եւ քարաշէն տուներով: 1878-1881 տարիներուն մօտաւորապէս տասնմէկ հազար իսլամներ Կարսէն գաղթեցին դէպի օսմանեան սահման: Նոյն ժամանակ Կարինէն եւ շրջակայքէն,  ինչպէս նաեւ Ալեքսանդրապոլէն, Ախալքալաքէն  եւ Ախալցխայէն հազարաւոր հայեր Կարս գաղթեցին: Բաւական թիւով ռուս վերաբնակիչներ, ինչպէս նաեւ պոնտացի յոյներ եւս հաստատուեցան Կարսի եւ շրջակայքին մէջ:

Կարս առեւտուրի եւ արհեստներու կարեւոր կեդրոն դարձաւ: Անցեալին եւս, մինչեւ մոնկոլական արշաւանքները Կարս առեւտրական ուղիներով կապուած էր Անիի, Թիֆլիսի, Տրապիզոնի եւ այլ քաղաքներու հետ եւ կարեւոր դեր ունէր տարանցիկ առեւտուրին մէջ:

Կարսի մէջ տարծուած գլխաւոր արհեստներն էին` դերձակութիւնը, կօշկակարութիւնը, քարտաշութիւնը, հիւսնութիւնը, թիթեղագործութիւնը, պղնձագործութիւնը եւ ոսկերչութիւնը: ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարուն սկիզբը բացուեցան գարեջուրի, օճառի, կիրի, աղիւսի եւ հանքային ջուրերու գործարաններ: Կային  նաեւ օղիի, գինիի, կաշիի, կօշիկի, պղնձաձուլման,  ալրաղաց, փայտասղոցման եւ կահոյքի փոքր ձեռնարկութիւններ: Քաղաքին մէջ կար շուրջ 800 խանութ: Ամէն տարի Կարսի մէջ տօնավաճառներ կը կազմակերպուէին:

Կարսի բնակիչներէն շատեր կալուածներ ունէին քաղաքի շրջակայքին մէջ եւ միաժամանակ երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ մեղուաբուծութեամբ կը զբաղէին: Կը մշակէին գլխաւորաբար բանջարեղէն, ցորեն, գարի, եգիպտացորէն եւ գետնախնձոր: Իսկ ռուս վերաբնակիչներ զարգացուցին խոզաբուծութիւնը:

Ռուսական կայսրութեան միացումէն ետք Կարսի մարզին հողերը ճանչցուեցան իբրեւ պետական սեփականութիւն, որոնք տրուած էին համայնքներու օգտագործման: Քաղաքը տնտեսականօրէն կապուած էր շրջակայ գիւղերուն եւ քաղաքներուն` Արտահանի, Կաղզուանի, Օլթիի եւ Սարըղամիշի հետ:

Իր ռազմագիտական եւ սահմանային դիրքին բերումով Կարս լաւագոյն ճանապարհներով կապուած էր Ալեքսանդրապոլի եւ Ախալցխայի, ինչպէս նաեւ Էրզրումի հետ, իսկ երկաթուղիով միացած էր Թիֆլիսի հետ:

Կարս, իր հին ու նոր թաղամասերով, մասամբ պահպանած էր իր աւանդական դիմագիծը: Բերդին յարակից գօտին հին քաղաքամասն էր, իր նեղ ու դարձդարձիկ փողոցներով եւ քարաշէն բնակարաններով, խաներով ու բաղնիքներով: Հայկական արուարձանը կ՛ընդգրկէր աւելի քան 70 հեկտար տարածութիւն: Իսկ գետի երկայնքին տարածուած էին արեւմտեան եւ հարաւային արուարձանները: Միջնաբերդի թաղամասը ժամանակի ընթացքին գրեթէ անշքացաւ, իսկ  հարաւային արուարձանը քաղաքին ամէնէն աւելի բարեկարգ շրջանը դարձաւ. հոն կեդրոնացած էին արդիական ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական հիմնարկները:

Նշենք, որ քաղաքը կը կառավարէր ոստիկանական յատուկ վարչութիւնը, որուն կազմին մէջ քաղաքի բնակիչները երկու ներկայացուցիչ ունէին:

Կարսի մէջ հայերը ունէին չորս եկեղեցի` Սուրբ Նշան, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Մարիամ եւ Սուրբ Գրիգոր:

Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին, կառուցուած` 940-ական տարիներուն, Աբաս Ա. թագաւորին օրով, 1579-ին օսմանցիներուն կողմէ մզկիթի վերածուած էր, իսկ ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք, 1880-ական տարիներուն գրաւուեցաւ ռուս վերաբնակիչներուն կողմէ եւ ռուս ուղղափառ քաղկեդոնական ծէսով օծուեցաւ: Քաղաքին ռուս  համայնքը ունէր նաեւ Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի եկեղեցին: Իսկ յոյն համայնքին կը պատկանէր Սուրբ Գէորգ եկեղեցին: Կային նաեւ քանի մը մզկիթներ, որոնց մեծ մասը աւերուած ու լքուած էր:

Կարսի հայկական վարժարանը բացուեցաւ 1827-ին, 1830-ին փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1856-ին: Լուսաւորչեան արական վարժարանը բացուեցաւ 1878-ին, իսկ Ս. Շուշանեան աղջկանց վարժարանը` 1879-ին: Այնուհետեւ բացուեցան ռուսական շարք մը վարժարաններ` աղջկանց գիմնազիան, քաղաքային երկդասեան արական դպրոցը, չորեքդասեան աղջկանց դպրոցը, տարրական արհեստագիտական դպրոցը, քաղաքային տարրական արական դպրոցը, ծխական երկսեռ դպրոցը եւ թեմական ծխական արական ու իգական երկու դպրոցները: Կը գործէին նաեւ հայ կաթողիկէ վարժարանը եւ մասնաւոր երկսեռ վարժարանը: Յոյն համայնքը Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կողքին ունէր ծխական վարժարան:

Ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք Կարսի բնակչութիւնը արագ աճեցաւ: 1913-ի տուեալներով քաղաքը ունէր 12 հազար 175 բնակիչ, որուն 10 հազարը 250 հոգին հայեր էին, մնացեալները` թուրքեր, յոյներ եւ ռուսեր:

ՀԱՐԱՒ-ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԿՈՎԿԱՍԻ
ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Կարսի հին բնակարաններէն

Առաջին համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, ռուսական յեղափոխութենէն եւ ռուս զօրքերու հեռացումէն ետք, 1918 ապրիլ 25-ին թրքական զօրքեր գրաւեցին Կարսը եւ փախուստի մատնեցին քաղաքին հայ բնակչութիւնը: Պատերազմի աւարտին, Մուտրոսի զինադադարի տրամադրութիւններուն համաձայն Թուրքիա պարտաւորուեցաւ հեռանալ Կարսէն եւ Ռուսական կայսրութենէն գրաւած միւս շրջաններէն:

 

Սակայն թուրքեր որոշեցին ամէն գնով պահել Կարսը: 4 դեկտեմբեր 1918էն սկսեալ օսմանեան զօրքերը սկսան քաշուիլ նախկին ռուս-թրքական սահմանը, բայց յետաձգեցին Կարսէն հեռացումը: «Ազգային իսլամական» խորհուրդներ կազմուեցան Կարսի, ինչպէս նաեւ Օլթիի, Սարըղամիշի եւ Իգդիրի մէջ: Կարսի մէջ «հարաւ-արեւմտեան Կովկասի ժամանակաւոր կառավարութիւն»ը կազմուեցաւ Ֆախրէտտին Փիրինօղլուի գլխաւորութեամբ, որ կոչուած էր իր հովանիին տակ առնելու Կարսի նահանգին, Պաթումի, Իգդիրի, Նախիջեւանի եւ Երեւանի թուրք իսլամ բնակչութիւնը: 1919 յունուարին օսմանեան բանակի սպայ կարսեցի Ճիհանկիրզատէ Իպրահիմ պէյ Հարաւ-արեւմտեան Կովկասի հանրապետութեան նախագահ հռչակուեցաւ: Կազմուեցաւ խորհրդարան, որուն 69 երեսփոխաններէն 60-ը իսլամներ էին, երեքը` յոյն եւ մէկը մոլոկան ռուս:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐՍ

Բրիտանական զօրքեր զօրավար Ուիլիըմ Թոմսընի հրամանատարութեան տակ 19 ապրիլ 1919-ին գրաւեցին Կարսը: Ինքնակոչ հանրապետութեան ղեկավարները ձերբակալուեցան եւ յետոյ անոնցմէ տասնմէկը Մալթա աքսորուեցաւ: Մայիսին հայկական բանակը ազատագրեց Կարսը եւ միացուց Հայաստանի Հանրապետութեան: Այնուհետեւ կազմաւորուեցաւ Վանանդ նահանգը եւ Կարս անոր մայրաքաղաքը եղաւ:

ԿԱՐՍԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ԲՌՆԱԳԱՂԹԸ

Հայ-թքական 1920-ի պատերազմին, Քազիմ Քարապեքիր փաշայի զօրքերը, Սարըղամիշը գրաւելէն ետք, հոկտեմբեր 24-ին յարձակման անցան Կարսի ուղղութեամբ: Հայկական զօրքը, բոլշեւիկեան քարոզչութենէն տարուած, գրեթէ ոչ մէկ լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ թուրքեր հոկտեմբեր 30-ին գրաւեցին քաղաքը: Հայ եւ ռուս բնակիչները խուճապահար հեռացան Կարսէն: 1921-ի Կարսի դաշնագիրով Կարս միացուեցաւ Թուրքիոյ:

կարսի եւ շրջակայքի տեղահան եղած հայութիւնը անցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Կարսեցիներ էին բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց, գրաքննադատ Գուրգէն Վանանդեցի, Խորհրդային Միութեան հերոս ծովակալ Յովհաննէս Իսակով, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր Էտուարտ Դաւթեան եւ նկարիչ Յովհաննէս Զարդարեան:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES