ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» Կ՛ԱՋԱԿՑԻ
«ՍԻՆՈՓՍԻՍ ԱՐՄԵՆԻԱ»ԻՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻՆ
«Սինոփսիս Արմենիա» ու «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւններուն եւ Եւրոպական կրթական շրջանային ակադեմիայի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, երէկ Եւրոպական կրթական շրջանային ակադեմիային մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ «Հայաստանի մէջ կապի միջոցներու, միքրոելեկտրոնային շեմաներու եւ համակարգերու» ամպիոնին:
Վերոյիշեալ երեք կառոյցները Հայաստանի մէջ կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային շեմաներու եւ համակարգերու կրթութեան խթանման նպատակով ամրան ստորագրած էին համագործակցութեան համաձայնագիր: Համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ վերանորոգուեցաւ ակադեմիային կողմէ տրամադրուած համապատասխան լսարանային տարածքը` զայն համապատասխանեցնելով արդի ուսումնական պահանջներուն եւ չափանիշներուն:
Երկրի մտաւոր դրամագլուխը պէտք է ձեւաւորուի ուղղորդուած ձեւով` գործարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ: Յաջողութեան հասնելու կարեւոր քայլերէն մէկը մրցունակ աշխատուժի հաւաքագրումն է: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը տարբեր ծրագիրներու միջոցով աջակցած է կրթական մարզի զարգացման` գիտակցելով, որ այս օղակն է ժամանակի մարտահրաւէրները դիմակայելու իրական լծակը: Առաջարկ-պահանջարկ յարաբերակցութիւնը կարգաւորելու առումով ալ կարեւոր է մարդուժի պատրաստութեան հարցին մէջ սեփական մարզին միջամտութիւնը: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» կը խրախուսէ բոլոր այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են սերունդի զարգացման», ըսաւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՆԵՐԸ. ՁԵՌԱԳԻՐ ԵՒ ՏՊԱԳԻՐ
ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ
ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ
ՍԵՄԻՆԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկին մէջ Հոկտեմբեր 24 – 28 կայացաւ «Յիշողութեան կերպարանքները, ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն արհեստագիտութիւնները» խորագիրով միջազգային սեմինարը` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեակին:
«Այսպիսի նախաձեռնութիւն առաջին անգամն է, որ կ՛իրականացուի մեր իրականութեան մէջ: Սեմինարը իրականացուեցաւ երեք բաժանմունքներու մէջ` վերականգնողները, ֆոնտապահեր եւ արհեստագիտութեան մասնագէտներ»: Այս մասին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է սեմինարի ղեկավար Արա Իւզմալեան: Ան նշած է, որ այսքան մեծ ուշադրութեան առարկայ բնաւ չէ դարձած ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութիւնը: Անոնք ենթակայ են կորուստի եւ մաշումի»:
Ասուլիսին ներկայ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան համոզում յայտնած է, որ այս մէկը եզակի կարելիութիւն է` Հայաստան եկած մօտաւորապէս 50 հիւրերուն ցոյց տալու մեր պատմական մշակութային կոթողները:
Նշենք, որ սեմինարին մասնակցած են պալթեան եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու, Վրաստանի առաջատար արխիւային, գրադարանային եւ թանգարանային հաստատութիւններու հեղինակաւոր մասնագէտներ: Տեսական բնոյթէն բացի, սեմինարը ունեցած է նաեւ ընդգծուած գործնական նպատակներ:
«Յիշողութեան կերպարանքները. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգման արհեստագիտութիւնները, խորագիրով միջազգային սեմինարը իրականացուեցաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամին աջակացութեամբ:
ՊԻՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԻ «ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔ»`
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆԻԻ 1050-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ
ԱՆԻԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՎ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ ՕՐԱՑՈՅՑ
Այս տարի կը նշուի Անին Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք հռչակուելուն 1050-ամեակը: Այս առիթով պետական մակարդակով տարեսկիզբէն բազմաթիւ ձեռնակներ ծրագրուած են, որոնցմէ մէկն է «Պատկերազարդ պատկերագիրք»ին հրատարակութիւնը, որ պիտի իրականացուի Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ: Այս մասին տեղեկացուցած է լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յուշարձանագէտ, հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան: Ան յայտնած է, որ` «Ի սկզբանէ նախատեսուած էր, որ գիրքը լոյս տեսնէ 160 էջի սահմաններու մէջ, բայց 670 նկարները, չափագրութիւնները եւ քարտէսները հազիւ տեղաւորուեցան 256 էջի սահմաններու մէջ»: Ս. Կարապետեան հաղորդած է, որ գիրքին կառուցուածքը կատարուած է ըստ յուշարձաններու տեսակներուն: Պաշտպանական համակարգը ներկայացուցած է առանձին բաժինով, պաշտամունքային կառոյցները` այլ, իսկ գերեզմանական, ճարտարագիտական եւ արտադրական յուշարձանները` բոլորովին այլ բաժինի մէջ»: Գիրքին մէջ օգտագործուած են ինչպէս 1880-ական թուականներու, այնպէս ալ ներկայ ժամանակաշրջանի լուսանկարները: Պատկերագիրքին մէջ իբրեւ նորութիւն ներկայացուած են չափագրութիւններ, որոնք կատարուած են վերջին տարիներուն: Ըստ յուշարձանագէտին, գիրքին մէջ իբրեւ նորութիւն ներկայացուած են եռաչափ ձեւաւորումով ներկայացուած շարք մը յուշարձաններու վերակազմութիւնները: Անոնք հին լուսանկարին կամ յուշարձանին ներկայ վիճակին հետ համադրուած եւ ներկայացուած են, որպէսզի ակնառու դառնայ եւ երեւի, թէ այս յուշարձանը ի՛նչ տեսք ունի հիմա եւ կանգուն ըլլալու պարագային ինչ տեսք պէտք էր ունենար:
Նշենք, որ «Պատկերազարդ պատկերագիրք»ը լոյս պիտի տեսնէ առաւելագոյնը մէկ ամիսէն եւ երեք լեզուներով` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն:
2012 թուականին լոյս պիտի տեսնէ օրացոյց` նուիրուած Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք հռչակուելուն 1050-ամեակին: Այս նախաձեռնութիւնը պիտի իրականացնէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
«Ծաղկաքաղի տեսքով օրացոյցին վրայ պատկերուած պիտի ըլլան կարեւոր յուշարձանները, բազմախորան եկեղեցին, Աղջկան բերդը` իր եկեղեցիով, Անի քաղաքի խորհրդանիշ զինանշանը: Նշենք, որ օգտագործուած պիտի ըլլայ անոր հին լուսանկարը, որովհետեւ նորոգուածը բոլորովին այլ կերպարանք ունի:
Տեղադրուած պիտի ըլլան նաեւ Գագկաշէն եւ Առաքելոց եկեղեցիներու լուսանկարները, ինչպէս նաեւ` Անիի մայր տաճարին, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ ներքին տեսքը, Կուսանանց վանքը եւ Անիի կամուրջներէն մէկը, որ համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի», յայտնած է յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան: Ան շեշտած է, որ Անիի մասին շատ հրատարակութիւններ կան եւ «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաքը» կը շարունակէ մնալ անյատակ ուսումնասիրութիւններու հնավայր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
«ԳՐԱԿԱՆ ՏԱՊԱՆ 2011. ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՆՑ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը 2012 թուականին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն եւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին ընդառաջ, հոկտեմբեր 19-28, Ազգային պատկերասրահի որմնանկարներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Գրական տապան 2011. տասը տարի անց» խորագիրով մշակութային նախագիծը, որ իրականացուեցաւ Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային համագործակցութեան հայկական ընկերութեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Ծրագրին մասնակցած են Եւրոպայի 15 գրողներ: Նախագիծի շրջանակներուն մէջ անոնք կարելիութիւն ունեցան տեսնելու Հայաստանը եւ ճանչնալու հայ մարդը, անոր աւանդութիւններն ու մշակոյթին, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան ժամանակակից գրականութեան եւ մշակոյթի հարցերը:
Նախագիծի բացման հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշած է, որ` «Այս ծրագիրը ինծի համար իւրայատուկ եւ հազուագիւտ է, որովհետեւ այս ծրագիրով սկսաւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը, իսկ «Գրական տապան»ը ամէնէն կարեւորներէն մէկն է»: Նախարարը աւելցուցած է, որ յառաջիկային այսպիսի եւ այլ ձեւաչափի հանդիպումները ծրագիրի մասնակցողներուն հետ շարունակական պիտի ըլլան:
«Գրական տապան 2011. տասը տարի անց» ծրագրի նախաձեռնողներէն գրագէտ Դաւիթ Մուրատեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ` «նկատած եմ շատ կարեւոր բան մը. Հայաստան ամբողջական չէ առանց Եւրոպայի եւ Եւրոպա ամբողջական չէ առանց Հայաստանի: Երկու ժողովուրդներուն համար զիրար հասկնալու եւ իրարու հետ հաղորդակցելու ամէնէն լաւ տարբերակներէն մէկը գրականութիւնն է, որուն կարելիութիւնը ունինք այսօր», նշած է ան:
Հաղորդենք, որ «Գրական տապան 2011. տասը տարի անց» խորագիրով նախագիծին իբրեւ արդիւնք` պիտի հրատարակուի ամփոփիչ գրական ժողովածու, որուն մէջ ծրագիրին մասնակցողները պիտի ներկայացնեն հայաստանեան հանդիպումներ եւ շրջագայութիւններու մասին իրենց խոհերը եւ տպաւորութիւնները: Նաեւ կը նախատեսուի բացումը կատարել «Գրական տապան» նախագծի կայքին:
«ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԸ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՐԿՐԵԹ ՏԻՒՐԱՍԻՆ
Հոկտեմբեր 23-26, երկրորդ անգամ ըլլալով, Երեւանի մէջ կայացան ֆրանսական գրականութեան օրեր: Այս անգամ այս ձեռնարկը նուիրուեցաւ 20-րդ դարու ֆրանսական գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկուն` Մարկրետ Տիւրասին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մամլոյ բաժինէն: Ֆրանսական գրականութեան օրերուն ներկայ գտնուեցան Մ. Տիւրասի ստեղծագործութիւններուն լաւագոյն մասնագէտները, որոնք դասախօսութիւններով հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանին Վ. Բրիւսովի անուան լեզուաբանական համալսարանին, Ֆրանսայի դեսպանատան եւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին մէջ:
Ֆրանսայի գրականութեան օրերուն ընթացքին ցուցադրուեցան ժապաւէններ եւ Մարկրեթ Տիւրասին յատուկ զանազան արխիւներ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին նուագահանդէսը, որով աւարտեցաւ նուագախումբին Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը:
Նուագահանդէսին ելոյթներ ունեցան մենակատարներ սաքսոֆոնահար Հայրապետ Առաքելեան` Գերմանիայէն, ջութակահար Հրաչեայ Աւանէսեան` Պելճիքայէն, հոպոյահար Արտեմի Չոլոքեան` Ռուսիայէն:
Նուագահանդէսին հնչած են` Ալեսանտրօ Մարչելլոյի, Եան Պինտայի, Էդվարդ Միրզոյեանի, Ռոպերթօ Մոլինելիի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Էռնեսթ Շոսոնի եւ Մորիս Ռաւելի ստեղծագործութիւններէն:
ԱՐՏԱՇԱՏ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ
2200-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ`
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի մէջ բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսի մը, որ նուիրուած էր Արտաշատ մայրաքաղաքի հիմնադրման 2200-ամեակին: Մայրաքաղաքը հիմնադրուած է Արտաշէս Ա.-ի կողմէ, Ն. Ք. 180-ական թուականներուն, Արաքս եւ Մեծամօր գետերու հուներուն միախառնման վայրին մէջ:
Ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան:
Նշենք, որ հռոմէական պատմագրութիւնը Արտաշատի տեղի ընտրութիւնը եւ յատակագծումը կը վերագրէ Կարթագենի հռչակաւոր զօրավար Հաննիպալին: Արտաշատ, գտնուելով միջազգային տարանցիկ ճանապարհներու խաչմերուկին վրայ, շրջան մը ետք կը դառնայ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մեծագոյն կեդրոն:
«Արտաշատին նուիրուած ցուցադրութիւնը կը բարձրացնէ քաղաքը լաւ պահպանելու հարցը, որովհետեւ անիկա մշակութային բացառիկ արժէքներ կը ներկայացնէ», յայտնած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի վարիչներէն Արմինէ Զոհրապեան: Ան աւելցուցած է, որ յատկապէս վերջին գտածոները ցոյց կու տան մայրաքաղաք Արտաշատի գեղեցիկ ճարտարապետութիւնը, հարուստ բնակիչներով հելլենիստական քաղաքի իւրօրինակութիւնը:
Ըստ Ա. Զոհրապեանի, շատ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Արտաշիսեան դրամները, որոնք թանգարանին մէջ ցուցադրուած են գրեթէ ամբողջութեամբ: Վերջին տարիներուն Արտաշատէն եւ շրջակայ տարածքներէն յայտնաբերուած են բազմաթիւ դրամատեսակներ, որոնք նորութիւն կը բերեն հայ դրամագիտութեան մէջ: Այս կը նշանակէ, որ բաւականին երկար ժամանակ Արտաշատ կը շարունակէր մնալ թէ՛ առեւտրական, թէ՛ վարչական կեդրոն», նշած է Ա. Զոհրապեան: Ան ընդգծած է, որ մինչեւ այսօր Արտաշատի մէջ իրականացուած են պեղումներ, որոնցմէ ամէնէն նշանակալի գտածոներէն է բաղնիքի խճանկար յատակը, որուն լուսանկարը հասանելի դարձաւ մարդոց այս ցուցահանդէսին շնորհիւ:
Ի դէպ, նշենք, որ Արտաշատի քոյր քաղաքը արդէն 8 տարի է, որ կը համարուի Ֆրանսայի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող Քլամարը, որուն քաղաքապետը` Ֆիլիփ Քալթենեպեքը նոյնպէս ներկայ էր ցուցահանդէսին բացման արարողութեան:
«ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ 2011»Ի ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ
ԱՐԴԷՆ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ ԵՆ
«Մանկական Եւրոտեսիլ 2011-ի մրցոյթին տոմսերը արդէն իսկ վաճառքի համար հրապարակի վրայ են, իսկ անոնց գինը 1000 դրամէն մինչեւ 20 հազարի սահմաններուն մէջ է:
«Մանկական Եւրոտեսիլ 2011» մրցոյթին պատուիրակութիւններու ղեկավար Գոհար Գասպարեան նշած է, որ մրցոյթին նախապատրաստական աշխատանքներուն ամէնէն եռուն պահն է, մասնաւորաբար կառուցուած է բեմը, իսկ մրցոյթին օրագիրը պիտի պատկերասփռուի առաջին ալիքի եթերով:
«Մանկական եւրոտեսիլ 2011»ը պիտի կայանայ 2 եւ 3 դեկտեմբերին, Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Վերջերս կայացաւ «Մանկական եւրոտեսիլ 2011»-ի պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն առաջին ժողովը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ Հայաստան, իբրեւ մրցոյթը հիւրըկալող երկիր, իրաւունք ստացաւ ընտրելու իր թիւը: Մրցոյթին բացումը պիտի կատարէ Ռուսիան, իսկ եզրափակիչ ելոյթը պիտի կատարէ Պելճիքան: Հայաստան պիտի ըլլայ 4-րդը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան առաջին անգամ «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ին մասնակցած է 2007-ին: Առաջին տարին Հայաստանը ներկայացուցած է «Արեւիկ» խումբը` «Երազանք» երգով եւ գրաւած է 2-րդ դիրքը: 2008-ին Հայաստանը ներկայացուցած է Մոնիքա Մանուչարովան եւ գրաւած է 8-րդ դիրքը իր «Իմ երգի հնչիւնը» երգով: 2009 թուականին «Մանկական Եւրոտեսիլ» մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած է Լուարա Հայրապետեանը` «Պարսելոնա» երգով եւ գրաւած է 2-րդ դիրքը: 20 նոյեմբեր 2010 թուականի «Մանկական Եւրոտեսիլ»ին Հայաստանի թեկնածուն` Վլատիմիր Արզումանեանը, գրաւեց առաջին դիրքը իր «Մամա» երգով: Նշենք, որ այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Տալիթան եւ պիտի մեկնաբանէ «Ուէլքամ թու Արմենիա» խորագիրով երգը:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ


