ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ ՆԱԽԱԳԱՀ Ք. ՖԵՌՆԱՆՏԵԶԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԺՈՒԱՐ ՇՐՋԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ

Ֆեռնանտեզ

Արժանթինի մէջ այսպիսի միակողմանի ընտրութիւն յաճախակի չէ:

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին կատարուած քուէներու հաշուարկը հաստատեց այն իրողութիւնը, որ քանի մը ամիսէ արդէն յայտնի էր. Քրիսթինա Ֆեռնանտեզ տը Քիրչներ նախագահ պիտի ըլլայ չորս տարի եւս:

Տիկինը իր պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը պիտի սկսի իբրեւ աւելի հզօր նախագահ, քան եղած էր չորս տարի առաջ:

Այն ժամանակ բազմաթիւ ընդդիմադիրներ, եւ նոյնիսկ` որոշ դաշնակիցներ, Քրիսթինան կը նկատէին սոսկ փոխարինող մը իր ամուսինը` Նեստոր Քիրչները, որ նախագահութեան պաշտօնին նախորդած էր զինք, եւ կը սպասուէր, որ յաջորդէ Քրիսթինային:

Բայց ան մահացաւ 2010-ի հոկտեմբերին, սրտի կաթուածի պատճառով, ձգելով վշտոտ այրի մը, որ երկիրը կառավարէ` վարագոյրներու ետին եղող աջակցութենէ, զօրակցութենէ զրկուած:

Սակայն թերթի խմբագիր Սերճիօ Քիերնան ըսաւ, որ Քրիսթինա Նեստոր Քիրչների այրին չէ միայն:

«Ան ծերակուտական էր տարիներ շարունակ: Եւ շա՜տ, շատ՛ տարիներ, տարբեր առումներով, երկուքէն աւելի երեւելին: Ան միշտ լիարժէք քաղաքագէտ եղած էր եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ», ըսաւ Սերճիօ Քիերնան:

Քրիսթինա իր ամուսինին սերտ գործակիցներէն խզուած է եւ կազմած` իր սեփական դաշինքները: Ամէնէն յատկանշական պառակտումը եղաւ ազդեցիկ, հզօր արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութեան ղեկավար Հուկօ Մոյանոյի հետ, որ Նեստորի ամէնէն հաւատարիմ դաշնակիցներէն մէկն էր եւ յաճախ կը գտնուէր քաղաքական հաւաքներու առաջին շարքին վրայ:

Բայց Քրիսթինա լուսանցքայնացուցած է Մոյանոն, եւ այժմ համադաշնակցութեան մէջ պայքար տեղի կ՛ունենայ փոխարինելու համար զայն: Քիչեր կը կասկածին, որ նոր ղեկավարը նախագահին ուզած անձը պիտի ըլլայ:

Տիկին Քիրչներ որոշած է ընտրարշաւի իր փոխ նախագահի թեկնածուն, որուն հետ սերտօրէն կը գործակցի: Ան կիթառ նուագող, շարժանիւ վարող տնտեսութեան նախարար Ամատօ Պուտուն է:

Տիկինը հազիւ թէ խօսեցաւ իր 2007-ի փոխնախագահ Խուլիօ Քոպոսի հետ, երկրագործութեան (մասնաւորաբար սոյա լուբիայի) մարզի հարկերու գումարին շուրջը անոնց միջեւ ծագած դառն վէճէն ետք:

Շահութաբեր հունձքը հիմնական գործօն է` օգնելու տնտեսութեան, որպէսզի վերականգնի 10 տարի առաջ տուժած տագնապէն:

Ասիկա կատարուեցաւ հակառակ երկրագործութեան, հողագործութեան լոպիին հետ նախ Նեստորի, ապա Քրիսթինա Ֆեռնանտեզի ունեցած թոյլ յարաբերութեանց:

Այնպէս, որ, քուէարկութենէն շաբաթ մը առաջ երկրագործական հիմնական խումբերու հետ տիկին Ֆեռնանտեզի լաւ ծանուցուած ճաշկերոյթը, ըստ շատ մը վերլուծաբաններու, ճիշդ ժամանակին էր եւ թերեւս երկու կողմերու հասունութեան նշանն էր:

Օգոստոսի նախընտրական քուէարկութեան արդիւնքէն ետք, որ նշեց տիկին Ֆեռնանտեզի համոզիչ յաղթանակ նուաճելու մասին, ընդդիմութիւնը ժամանակ չունեցաւ վերահաստատելու իր շունչը, ո՞ւր մնաց վերականգնելու` ընտրութեանց համար:

Պուտու

Հիմնական թեկնածուներէն երկուքը` նախկին նախագահ Էտուարտօ Տուհալտէ եւ ընդդիմադիր Արմատական կուսակցութեան ղեկավար Ռիքարտօ Ալֆոնսին, որոնց վարկանիշը հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց տուին, որ նուազած է, ի վիճակի չեղան շատ բան առաջադրելու այլընտրանքային քաղաքականութիւններու առումով, կամ` իբրեւ արժանահաւատ, վստահելի թեկնածու ներկայանալու նախագահական ընտրութեան համար:

Ընդդիմադիր քանի մը թեկնածուներէն մէկը, որ նախընտրական քուէարկութենէն հզօր դուրս եկաւ, Սանթաֆէ նահանգի կառավարիչ Հերմես Պիննըրն էր:

Ան կը փորձէ ինքզինք առաջադրել` իբրեւ հիմնական ձայնի` ընդդէմ իշխող փերոնական կուսակցութեան, նոյն ժամանակ դիրքաւորուելով, պատրաստուելով յաջորդ ընտրութեան, 2015-ին, երբ ան 72 տարեկան պիտի ըլլայ:

Ֆեռնանտեզի կողմին մէջ այլ փուշ մըն է, եւ այլ հաւակական մրցակից մը` 2015-ին, Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետ Մորիսիօ Մաքրի: Ան աջակողմեան գործարար մըն է, որ կը վայելէ աջակցութիւնը մայրաքաղաքի հարուստ բնակիչներուն. ասոնք աւանդական հակառակորդներն են նախագահին փերոնական կուսակցութեան:

Բայց մինչ ընդդիմութեան մասնատուած վիճակը վստահօրէն օգնեց նախագահ Ֆեռնանտեզի յաղթանակին, տնտեսութեան աճն էր, որ իրեն համար կնքեց այդ յաղթանակը:

Արժանթին ունեցած է կայուն, երբեմն արագ աճ, 2001-2002 թուականներուն տնտեսական իր ծանր տագնապէն, անկումէն ետք: Ինքնաշարժներու եւ ելեկտրական սարքերու վաճառքը մրցանշային բարձր դիրքի վրայ են:

Պուէնոս Այրեսի եւ այլ քաղաքներու, Ռոզարիոյի եւ Քորտոպայի մէջ շուկաները, վաճառատուները կ՛եռեւեփին, եւ նախապէս քնացած հեռաւոր աւաններ, գիւղեր հպարտօրէն կը ցուցադրեն սոյայի հունձքին քաղած իրենց հարստութիւնը:

Սակայն որոշ տնտեսագէտներ դժուարութիւններ կը նախատեսեն: Արժանթինի տնտեսութիւնը սերտօրէն կապուած է իր աւելի մեծ դրացիին` Պրազիլի տնտեսութեան:

Բայց Պրազիլի մէջ աճը հաւանաբար յառաջիկայ տարի դանդաղի, եւ անոր դրամանիշին, արժոյթին արժէքը տոլարին դիմաց վերջերս նուազեցաւ:

Եւ ասիկա կու գայ աւելնալու առեւտուրի տարեկան 4 միլիառ տոլար բացին վրայ:

Շուրջ 10 միլիառ տոլար կանխիկ գումար դուրս եկած է Արժանթինէն` այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն: Տեղացիները չեն ուզեր իրենց սեփական երկրին մէջ երկարաժամկէտ ներդրումներ ընել. տեսակէտ մը, զոր կը բաժնեն օտարերկրացի շատ մը ներդրողներ, որոնց գործունէութիւնը ուշացած, ձգձգուած է բազմաթիւ խոչընդոտներու պատճառով. չափազանցուած վարչարարարութենէն, մինչեւ փտածութիւն:

Բայց արժանթինցիներուն ամէնէն հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը եւ, հաւանաբար, նախագահին դիմաց ծառացած ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը սղաճն է:

Կառավարութիւնը կ՛ըսէ, թէ տարեկան ցուցանիշը շուրջ 10 առ հարիւր է. թէեւ անկախ վերլուծաբաններ վիճելի կը նկատեն պաշտօնական տուեալները` ատիկա աւելի մօտ զետեղելով 25 առ հարիւրի:

Տնտեսագէտներ դատական հետապնդումի վտանգին կրնան ենթարկուիլ, եթէ հարցականի տակ առնեն կառավարութեան վաւերացուցած վիճակագրութիւնները:

Տիկին Ֆեռնանտեզի առաջին պաշտօնավարութեան շրջանը դիւրին էր` հակառակ երկրագործական լոպիին հետ դառն վէճերուն, իր ամուսինին մահուան, սղաճին, յանցագործութեանց եւ քաղաքական գայթակղութեանց յաւելումին: Ան ըստ երեւոյթին, գոյատեւեց եւ բարգաւաճեցաւ:

Բայց պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը կրնայ աննպաստ կերպով դժուար ըլլալ, եւ նախագահ Ֆեռնանտեզ կրնայ յետադարձ հայեացքով մը մտածել, որ իր երկրորդ ընտրութիւնը շահիլը դիւրին մասն էր:

ՏԱՆԻԸԼ ՇՈՒԱՑՄԼԸՐ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES