ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՍԿԻԶԲ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ

ՀԻՈՒ ՍՔՈՖԻԼ

Ֆրանսուա Հոլանտա երազային մեկնարկ մը ունեցաւ յառաջիկայ ապրիլին Նիքոլա Սարքոզին գահընկեց ընելու իր ճիգին մէջ:

Ամէն բանէ առաջ, ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուին ընտրութեան կազմակերպումը անվերապահ յաջողութիւն է:

Երեք միլիոն ֆրանսացիներ մասնակցեցան երկու հանգրուանով տեղի ունեցած քուէարկութեան ընտրելու համար նախագահական ընտրութեան ընկերվարականներու թեկնածուն: Հանրութեան շուրջ 80 առ հարիւրը այժմ կ՛ըսէ, թէ նախագահական ընտրութեան թեկնածուի ընտրութիւնը, որ առաջինն է Ֆրանսայի մէջ, լաւ բան է, եւ նոյնիսկ իշխող կուսակցութիւնը հետաքրքրուած է նման ընտրութիւն մը 2017-ին կազմակերպելու կարելիութեամբ:

Այս քուէարկութիւնը նաեւ նշեց, որ ընկերվարականները անցեալ ամիս տիրապետեցին լրատու միջոցներուն` ի մեծ սրտնեղութիւն նախագահ Սարքոզիի:

Անոնք կրցան իրենց զիրենք ներկայացնել իբրեւ ժամանակակից, ժողովրդավարական եւ հասու ժողովուրդին:

Աջակողմեան թերահաւատները, կասկածողները, որոնք ըսին, թէ այս քուէարկութիւնը հնարք մըն է շրջանցելու համար այն անյարմար փաստը, իրողութիւնը, որ ընկերվարականները բնական առաջնորդ չունին, պարզապէս անտեսուեցան:

ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ` ԿԱՐԳԱԽՕՍ

Բայց ատկէ աւելին կայ:

Բոլոր ընկերվարական թեկնածուները խաղը խաղցան քաղաքավար եւ փոխադարձ յարգանքով:

Տարիներով կուսակցութեան պատկերը աղաւաղուած, քանդուած էր նախանձներու, քինախնդրութեան եւ գաղափարական բաժանումներու պատճառով, որ իր կնիքը, դրոշմը եղած էր:

Այժմ, երկար ատեն ամայութեան մէջ մնալէ ետք, զուտ իշխանութեան ձգտումը ստիպեց, որ անոնք միացնեն իրենց շարքերը:

Թէեւ կուսակցութիւնը տակաւին կը փայփայէ լայնօրէն տարբեր քաղաքական հայեացքներ (կեդրոնամէտ ազատականներէն մինչեւ համաշխարհայնացումի ընդդիմացողները), սակայն կայ այն համաձայնութիւնը, ըմբռնումը, որ միասնութիւնը պէտք է ըլլայ կարգախօսը:

«ԲՆԱԿԱՆՈՆՈՒԹԵԱՆ» ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Եւ այսպիսով Ֆրանսուա Հոլանտ (առաջին հանգրուանի չորս պարտեալներով եւ Մարթին Օպրիի դէմ 56 առ հարիւր հզօր յաղթանակով հնարաւոր լաւագոյն մեկնարկը, սկիզբը ունեցաւ:

Հոլանտ իր ընդունման խօսքին մէջ ըսաւ.

«Ես հրատապ յանձնարարութիւն մը ստացայ… ձախը վերադարձնել իշխանութեան ղեկին»:

Բայց անշուշտ իսկական պայքարը տակաւին նոյնիսկ չէ սկսած, եւ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Ֆրանսուա Հոլանտի աւիւնը, եռանդը փորձաքարի պիտի զարնուի նախընթացը չունեցող ձեւով:

Հոլանտ մրցումի կը մասնակցի որոշ յստակ առաւելութիւններով:

Ան շատ գնահատուած անձ մըն է, նոյնիսկ աջակողմեան իր քաղաքական թշնամիներուն կողմէ: Ան զուարթամիտ եւ կենսուրախ անհատականութիւն մըն է, որուն հանրութիւնը լաւ կ՛արձագանգէ:

Այս բոլորին շնորհիւ Հոլանտ կրնայ հաստատել, կառուցել  այն փաստարկը, որ ինք պիտի ըլլայ «բնականոն» նախագահ մը, Նիքոլա Սարքոզիի «անբնականոն» տարիներէն ետք:

Գործող ղեկավարին ժողովրդականութիւն չունենալը անշուշտ այլ հսկայ նուէր մըն է:

Բայց ամէն բանէ վեր, այն զգացողութիւնը, թէ երկրին վրայ խաւարը  կրնայ թեւածել, պէտք է քուէ շահելու գործօնը ըլլայ ընդդիմութեան, մասնաւորաբար ձախակողմեան ընդդիմութեան համար, որ տարիներէ ի վեր իր զէնքերը ուղղած է ազատ շուկայի ազատականութեան չափազանցութեանց կողմը:

Ի նպաստ իրենց ընթացող այս բոլորով, զարմանալի չէ, որ վերջին հարցախոյզերուն արդիւնքը ցոյց կու տայ, թէ Հոլանտ պիտի ստանայ քուէներու 60 առ հարիւրը, իսկ Սարքոզի` 40:

ԱՆՓՈՐՁ

Խնդիրը այն է, թէ ամէն ոք գիտէ, որ ատիկա այնքան պարզ պիտի չըլլայ:

Ակնյայտօրէն Սարքոզի կը սիրէ Ֆրանսուա Հոլանտը համեմատել շաքարի կոյտի մը հետ: Ատիկա արտաքնապէս ամուր եւ կարծր կը թուի: Բայց ատիկա դի՛ր բաժակ մը ջուրի մէջ եւ կը լուծուի` ոչինչի վերածուելով:

Յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին Հոլանտի թշնամիները նոյն պնդումը պիտի կրկնեն, մինչեւ որ մեր ականջներուն մէջ հնչէ. «Ան փորձառութիւն չունի եւ ան էութիւն չունի»:

Հոլանտ շատ բան չի կրնար ընել իր անփորձութեան առնչութեամբ, բացի բոլորին յիշեցնելէ, թէ Պարաք Օպամա եւս բնաւ չէ ծառայած ազգային կառավարութեան մէջ:

Բայց փաստը կը մնայ փաստ. Ֆրանսուա Հոլանտ իր կեանքը անցուցած է իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ տեղական երեսփոխան: Թէեւ ան միշտ ալ շարժած է Ընկերվարական կուսակցութեան վերին շրջանակներուն մէջ, սակայն բնաւ չէ ստանձնած նախարարի պաշտօն, ոչ իսկ` կրտսեր նախարարի դիրք:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մեղադրանքին, ապա Հոլանտի ընկերվարական երբեմնի պաշտօնակիցին (թէեւ այժմ անկախամիտ)` նախկին նախարար Քլոտ Ալլեկրէ կ՛ըսէ.

«Ֆրանսուա Հոլանտ շատ խելացի մարդ է, շատ նրբամիտ, համակրելի, բացառիկ զուարթամիտ: Բայց իր քաղաքական վարքագիծը միշտ կառուցուած է պատեհապաշտութեան եւ ժողովրդականութեան ձգտող դասաւորումներուն վրայ»:

Նման կարծիքներ արտայայտած են նաեւ ուրիշներ` Ընկերվարական կուսակցութենէն:

Ֆրանսուա մեծ միաւորող մըն է, կ՛ըսեն անոնք: Ան բոլորը պիտի մէկտեղէ: Սակայն ոչ ոք վստահօրէն գիտէ, թէ ան խորքին մէջ ո՛վ է:

Յառաջիկայ ամիսներուն իր դիրքորոշումը սահմանելու համար իշխանական, վարդապետական բնոյթի հմտութիւններու պէտք ունի, չըսելու համար` պրկումներու, լարուածութեան:

Որովհետեւ Ֆրանսուա Հոլանտ ոչ միայն պէտք է պաշտպանէ Ընկերվարական կուսակցութեան ծրագիրը, որ կը ներառէ հանգստեան կոչուելու, կենսաթոշակային տարիքի հիմնական փոփոխութեան խոստում եւ պետական մարզի մէջ 300 հազար աշխատատեղերու ստեղծում երիտասարդներու համար, ան նաեւ պէտք է համոզէ կեդրոն եւ աջ հակող քուէարկողները, որ ինք կրնայ խիստ որոշումներ տալ` Ֆրանսայի պիւտճէական բացը նուազեցնելու համար:

Բացայայտօրէն յստակ է, որ մինչ 2011 թուականի աւարտը կը մօտենայ, դարաշրջանը, որ Եւրոպա պիտի մտնէ, պիտի ըլլայ բեռնաւորեալ, ցաւալի (բոլորովին տարբեր նախկինէն):

Ֆրանսացիները արդեօք պատրաստ պիտի ըլլա՞ն իրենց ապագան վստահելու անորոշ համոզմունքներու տէր ընկերվարականի մը, որուն կուսակցութիւնը տակաւին ամուսնացած է հին ոճի հարկային եւ ծախսի համակարգին հետ:


«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES