9/11 ԵՒ…
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցեալները Ամերիկայէն բարեկամ մը այցելած էր, քիչ մը անցեալէն եւ քիչ մըն ալ ներկայէն խօսելէն ետք, կեդրոնացանք, ըստ սովորութեան ահաբեկչութեան, արաբական յեղափոխութեան, Ամերիկայի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ այլ հարցերու վրայ:
Պատմեց շատ հետաքրքրական երեւոյթի մը մասին: Նիւ Ճըրզիի շրջանին մէջ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութեան զոհ 3000 ամերիկացիներու յիշատակը քաղաքապետը պարտադրած է բնակչութեան, որ իւրաքանչիւր ամերիկացի եկեղեցի ուղղուի եւ մոմ մը վառէ…:
Բնազդաբար ընդվզեցայ երեւոյթին դէմ եւ հարց տուի, թէ այսքան տարի է օր մը 380 միլիոն հաշուող ամերիկացիներէն, ո՞ր մէկը ապրիլ 24-ին մոմ վառած է մեր նահատակներուն յիշատակին, անկախ անկէ, որ մեր 3.000.000 հաշուող ժողովուրդին կէսը նահատակուած էր, Մինչ իրենց 380 միլիոնէն` 3000-ը:
Աւելի՛ն. ամբողջ Աֆղանիստանը, Փաքիստանը եւ Իրաքը տակն ու վրայ ըրին նոյն այս երեք հազար նահատակներուն պատճառով: Այսօր ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, գիշերը ցերեկին խառնելով, Միջին Արեւելքի քարտէսը փոխելու ճիգի մէջ են. չենք գիտեր` ինչպէ՛ս պիտի վերջանայ, բայց նախընթացը ցոյց տուած է, որ ամերիկացիներով սկսուած յեղափոխութիւններու հաշիւները միշտ սխալ ելած են:
Դժբախտաբար ամերիկացիներուն վստահող կողմը միշտ կը վնասէ, որովհետեւ ամերիկացիները ոչ մէկ հարց մինչեւ ծայր կը հետապնդեն: Հարցերը կը հետապնդեն այնքան մը, որ իրենց ֆիզիքական վնաս չհասնի: Առաջին մէկ հարուածին կեցուածք կը փոխեն: 9/11 ինծի համար միշտ ալ մնացած է մեծ առեղծուած մը, որ ո՛չ զոհերը գիտցան, ինչո՛ւ մեռան, ո՛չ ալ զոհերուն պատճառով հազարաւոր անմեղները` Աֆղանիստանի, Փաքիստանի Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ ահաբեկչութեան պատրուակով:
Ամերիկացիներուն ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը դժբախտաբար սահման չունի: Իսկ Ամերիկայի մէջ ապրող ժողովուրդն ալ հարցերուն մէկ երեսը գիտէ: Այս վիճակին ընդհանրապէս ամերիկացի ժողովուրդը հանդիսատես է, իսկ աշխարհն ալ անկարող` ամերիկացիներու «քաջագործութիւններուն» դիմաց:
Եկէք` պահ մը մտածենք, որ Արաբական գարունը ի՞նչ նորութիւն բերաւ մեր կեանքին մէջ, բացի քաոսային, աւելի ծայրայեղական, աւելի կրօնամոլ ղեկավարութեան մը ձեւաւորման սկիզբը: Այս բոլորն ալ, եթէ իրականութիւնը կ՛ուզէք, այդ 3000 նահատակներուն սիրոյն են, մնացածը դուք մտածեցէք:

