ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հայ դպրոցը վեհագոյն այն կռուանն է, որ հայ մանուկին մտաւոր զարգացում ապահովելու կողքին, կը հարստացնէ անոր հոգեւոր ու հոգեկան ներաշխարհը ու կը ծլարձակէ ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան ոգին ու վսեմ գիտակցութիւնը:
Արդարեւ, ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին վարժարանիս նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններու աշակերտները, կենսունակ ու խանդավառ տրամադրութեամբ հաւաքուած էին վարժարանիս շրջափակը:
Բացօթեայ պաշտամունքը տեղի ունեցաւ նախակրթարանի շրջափակը, ուր հոգեւոր երգերու երգեցողութենէն ետք, վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան ողջունեց աշակերտները հոգածու աշխուժութեամբ, յորդորեց զանոնք, որ դպրոցական տարեշրջանը սկսին անդուլ աշխատանքով եւ խրախուսեց, որ չզլանան իրենց վստահուած պարտականութիւններուն մէջ, այլ ձգտին հասնելու լաւագոյնին` գիտակցելով անոր արժէքին: Ապա ան բեմ հրաւիրեց առաջին դասարանի աշակերտները, որոնք 12-րդ դասարանի աշակերտներու ձեռամբ ստացան գունագեղ վարդեր: Նկատառելի էր աշակերտներու թիւի աճը: Քառասուն նոր աշակերտներ, որոնք միացած էին նախակրթարանի եւ երկրորդականի շարքերուն, նոյնպէս վարդեր ստացան` որպէս բարի գալուստի խորհրդանիշ: Տասներորդ դասարանի աշակերտները, որոնք նախորդ տարեշրջանին փայլուն յաջողութիւն ապահոված էին պետական քննութեանց, հատեցին կարկանդակը եւ դէպի երկինք արձակեցին փուչիկներ: Աշակերտները հիւրասիրուելէ ետք, իրենց դաստիարակներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները:
Հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերին, յատուկ տօնակատարութեան մթնոլորտին մէջ, տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վերամուտը: Այս անգամ եռուզեռը ակներեւ էր դէպի մանկապարտէզի շրջափակը, ուր ծնողներ, ընկերակցելով իրենց մատղաշ զաւակներուն, զանոնք կ՛ուղղէին դէպի իրենց երկրորդ տունը: Յատկապէս Բողբոջ դասարանի աշակերտները արցունքոտ աչքերով ու դողդոջ քայլերով կ՛ուզէին կառչած մնալ իրենց մայրերուն, սակայն ուսուցիչներ կրկնակի ջանք թափելով եւ մայրական հոգատարութեամբ կը ջանային հանդարտեցնել զանոնք: Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ինքնավստահ, ժպտադէմ, բարձր տրամադրութեամբ ու հաստատ քայլերով մուտք կը գործէին իրենց արդէն իսկ ծանօթ շրջափակէն ներս:
Մանկապարտիզպանուհի Անիթա Քէլէշեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, ողջունեց նաեւ 21 նոր աշակերտները, որոնք միացած էին այդ խումբին: Վերամուտի մթնոլորտը ճոխացնելու ու խանդավառելու համար ներկայ էր նաեւ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը, որ դաստիարակիչ խաղերով, երգերով եւ պարերով զուարճացուց փոքրերը եւ արժանացաւ անոնց ջերմ ընդունելութեան:
Մանկապարտէզի աշակերտները տուն վերադարձան գեղեցիկ թագերով, որոնց վրայ գրուած էր «Սիրելի դպրոցիս առաջին օրը»:
Ուշագրաւ էր նաեւ նախամանկապարտէզի անդրանիկ վերամուտը, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին: Նորակառոյց նախամանկապարտէզի դասարանը օժտուած է մանկավարժական եւ դաստիարակչական սարքերով եւ խաղալիքներով ու մաքուր, հանգստաւէտ ու գեղեցիկ կահաւորուած ննջասենեակով: Մանուկներու հոգատարութիւնը վստահուած է հմուտ դաստիարակներու, իսկ անոնց ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հետաքրքիր ու բովանդակալից միջոցառումներ, ուր կենսական կը նկատուին մանուկներու առողջութիւնը, ապահովութիւնը եւ հանգստութիւնը:
Յաջող եւ հեզասահ երթ բոլորին:

