ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲ
Մեսրոպեան վարժարանը, իր բոլոր բաժիններով հանդերձ, նոր` 2011-2012 ուսումնական տարին սկսաւ մեծ աշխուժով ու ոգեւորութեամբ: Վերամուտի հեւքը դեռ չմեղմացած, առանց դոյզն դադարի, վարժարանի տնօրէնութիւնը լծուեցաւ Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբը ոտքի հանելու խիստ օգտաշատ եւ պատասխանատու գործին:
Շաբաթ, 8 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, դպրոցի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ իւրօրինակ ջերմութիւն մը կար: Տարբեր դասարաններու աշակերտներու ծնողներ հաւաքուած էին ծանօթանալու մարզամշակութային ակումբի նոր ծրագրին, որ ինչպէս յայտնի պիտի դառնար քիչ ետք, որակական նոր յատկանիշներ կը խոստանար:
Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի բարի գալուստի խօսքերը անկեղծ ժպիտներով ընդունուեցան: Ներկաներուն համար գաղտնիք չէր, որ եթէ դպրոցը նոր ծրագրի մը առաջարկը կը ներկայացնէր, ապա այդ ծրագիրը իրենց ուշադրութեան կը յանձնուէր պատշաճ ուսումնասիրուելէ եւ մշակուելէ ետք միայն:
Իրաւացի են ծնողները: Մարզամշակութային գործունէութիւնը խիստ կարեւոր նկատելով փոքրերու եւ պատանիներու մարմնական ու մտաւոր առողջ զարգացման համար Անի Թորանեանը (Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի գլխաւոր պատասխանատու) փաուըր-փոյնթով բծախնդրօրէն կազմուած նոր ծրագիրը ցուցադրելէ զատ, ծնողներուն մանրամասնօրէն բացատրեց նաեւ իւրաքանչիւր շարժումի յատկանշական առաւելութիւնները, որպէսզի անոնք լաւագոյնս ուղղորդեն իրենց զաւակները:
Մարզամշակութային ակումբին նոր ծրագիրը, որ նախատեսուած է որպէս շաբաթավերջի արտադպրոցական շարժում, այնքան հարուստ ու բազմաբնոյթ է, որ կը յաւակնի գոհացնել տարաբնոյթ հետաքրքրութեան տէր իր աշակերտներէն շատ-շատերը:
Ծրագրին մաս կը կազմեն թատերական, նկարչական, խեցեգործական, բեմագրութեան լուսանկարչական, ճատրակի, հայկական պարի, Եւրոպական եւ լատինամերիկեան պարի, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, մարմնամարզի եւ մարտարուեստի խմբակները:
Վարժարանի տնօրէնութեան հեռահար նպատակն է իր շնորհալի աշակերտներուն աջակցիլ այնպէս, որ մօտ ապագային անոնք հանրութեան մէջ առանձնանան իրենց փայլուն անհատականութեամբ:
Ինչպէս բոլոր ազնիւ նպատակները, այս մէկն ալ, վստահ ենք, յաջողութեամբ կը պսակուի: Գրաւականը մեր գիտակից ծնողներու սերտ համագործակցութիւնն է:
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Մեսրոպեան դպրոցի տնօրէնութեան որոշումէն ուղիղ շաբաթ մը ետք, 14 հոկտեմբերի երեկոյեան, աշխատանքային սեղանի շուրջ մէկտեղուած էին մարզամշակութային ակումբի բաղկացուցիչ մասնագիտութիւններուն արհեստավարժ բոլոր ներկայացուցիչները.
Թատերական` Անի Թորանեան, նկարչական` Գէորգ Ուրաշեան, խեցեգործական` Վարդան Աւէսեան, լուսանկարչական` Րաֆֆի Պէրպէրեան, ճատրակ` Էլի Հուլիշեան, հայկական, լատինօ-ամերիկեան եւ եւրոպկան պար` Նատիա Զաաթերեան, փինկ-փոնկ` Նոէլ Քէշիշեան, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ` Գրիգոր Մեսճեան, մարտարուեստ` Յարութ Ադամեան:
Ընդամէնը մէկ ժամուան ընթացքին քննարկուեցան եւ ըստ այնմ որոշումներ տրուեցան` մարզական եւ մշակութային տասներկու տարբեր խմբակները լաւագոյն ձեւով հունաւորելու:
Ժողովին անմիջապէս յաջորդող առաւօտեան ժամը 9-ին, աւելի քան 240 մեսրոպեանցիներ իրենց պարտաճանաչ ծնողներուն հետ միասին հաւաքուած էին դպրոցի շրջափակին մէջ: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր ընտրած խմբակին ղեկավարին կը սպասէր, որպէսզի սկիզբ առնէր նախասիրութիւնները առողջ հիմքի վրայ դնելու ընթացքը: Մեսրոպեանի տնօրէնը` Կ. Գալուստ, անհատ առ անհատ ծնողներուն ներկայացուց խմբակներուն ղեկավարները, բացատրելով եւ յորդորելով, որ դրական արդիւնքի մեծագոյն գրաւականը պարտաճանաչութիւնն ու հետեւողականութիւնն են, եւ բոլոր մասնակիցներէն գերագոյն լրջութիւն կ՛ակնկալուի: Ի վերջոյ նպատակը մեր երեխաներուն առողջ, հայեցի ու բազմակողմանի զարգացումն է, իսկ դպրոց-ծնողք սերտ համագործակցութիւնը ընդունակ է հարթելու բոլոր դժուարութիւնները:
Շատ չանցած` աշակերտներէն իւրաքանչիւրը իր խումբի ղեկավարին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի նշանակուած տարածքը կամ դասարանը, այդպիսով հաստատելով Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբին մեկնարկը:
Խանդավառութեամբ շնչող մթնոլորտի ազդեցութեան տակ երիտասարդ ծնողներէն շատեր նոր միտքեր ու առաջարկներ ներկայացուցին տնօրէնութեան: Առաջարկները արդէն քննարկումի սեղանին են եւ լուծումները երկար սպասել չեն տար:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
