ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍԻԶԻԻ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԻՆ

Արամ Ա. կաթողիկոս Հռոմի քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ. պապէն յատուկ հրաւէր ստսցած էր մասնակցելու Ասիզիի մէջ «Խաղաղութեան աղօթքի օր»ուան 25-ամեակի նշումին: Յանուն վեհափառին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, սոյն կրօնական հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ կրօններու ու եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն:

Share this Article
CATEGORIES