ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ խումբ մը փաստաբաններ Դաշնակցային գլխաւոր դատախազութեան դիմում ներկայացուցած են ընդդէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ զինուորական ղեկավարութեան:
Գերմանացի փաստաբանները Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարարներ Իսմեթ Եըլմազը, Սապահատտին Չաքմաքօղլուն եւ Մեհմետ Վեճտի Կէօնիւլը, Զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախկին պետեր Հիլմի Էօզքէօքը, Եաշար Պիւյիւքանըթը, Իլքեր Պաշպուղը, Ըշըք Քոշաները, ինչպէս նաեւ բանակի սպայակոյտի ներկայ պետ Նեժտեթ Էօզելը կը մեղադրեն քիւրտերուն դէմ պետական ահաբեկչութիւն իրականացնելու, զինուորական յանցագործութիւններ իրականացնելու եւ քիմիական զէնք օգտագործելու հրահանգ տալու յանցանքով:
CATEGORIES Միջազգային


