ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱԹԱԹՈՒՐՔԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ Է
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պայազիտ քաղաքին մէջ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան շրջանային կառոյցը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ)` թուրք զինուորներու կողմէ սպաննուած զինեալներուն համար յայտարարութիւն մը կատարած է, որմէ ետք ոստիկանութեան եւ հաւաքի մասնակիցներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:
Հաւաքի մասնակիցները ուզած են քայլարշաւ կատարել, սակայն թրքական ոստիկանութիւնը զգուշացուցած է, որ ատիկա անօրինական է եւ հրամայած է ցոյցը ցրուել: Ապա ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախում սկսած է:
Ցուցարարներու փոքր խումբ մը ճամբուն կից գտնուող դպրոցի մը դիմած դրուած Աթաթուրքի կիսանդրիին ուղղութեամբ բոցավառող հեղուկներ նետած են, այս պատճառով ալ կիսանդրիին մէկ մասը այրած է: Ոստիկանները վրայ հասնելով մարած են կրակը:

