ԹՈՒՐՔԻԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑԱԾ Է ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԾԱԾԿՈՑՆԵՐԸ
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա որոշած է վերադարձնել Իսրայէլի ծածկոցներու խմբաքանակը, որ աւերիչ երկրաշարժէն ետք ուղարկուած էր Վանի նահանգ` իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն:
Ըստ տեղւոյն աղբիւրներուն, բնական նիւթերէ պատրաստուած ծածկոցները գերզգայնութիւն կը յառաջացնեն, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ անոնց օգտագործումը: Հիւսուածեղէնը, որմէ պատրաստուած են վերմակները, կը պարունակէ վնասակար արնախում միջատներ:
Կը նշուի, որ երկրաշարժէն տուժածներուն ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան ծիրին մէջ, Իսրայէլ թրքական կողմին տրամադրած է հազարաւոր բուրդէ վերմակներ եւ ծածկոցներ, որոնք իսրայէլեան բանակի զինուորական պահեստներէն վերցուած էին:
Ըստ այլ վարկածի մը, Թուրքիա չուզելով աշխարհին ներկայանալ իբրեւ թոյլ եւ անկազմակերպ պետութիւն, որ ի վիճակի չէ տուժածներուն օգնութիւն ցուցաբերել, ծածկոցները վերադարձուցած է քաղաքական նկատառումներով:


