ԻՐԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Իրան ամերիկացի ղեկավարներուն ուղղուած նամակի մը մէջ Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է» Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Ժապըրի ահաբեկման ծրագրման հարցով Թեհրանը ամբաստանելուն համար ներում հայցել:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ նշեց, որ Իրան այդ նամակին մէջ բողոքած է ամերիկացիներուն կողմէ պատրաստուած դիպաշարին դէմ եւ Միացեալ Նահանգներէն ներումի պաշտօնական հայց պահանջած է, «որովհետեւ այդ ամբաստանութիւնները ամբողջովին սխալ են»:
Ան յայտնեց, որ իրանեան նամակը պատասխան մըն է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թեհրանին ուղղուած նամակին: Մեհմանփարասթ երկու նամակներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց:
CATEGORIES Միջազգային


