ԸՍՏ «ԼԸ ՖԻԿԱՐՕ»Ի ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը` վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ, կը գրէ, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիներ փնտռելու համար գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
«Իրանցի եւ ամերիկացի դիւանագէտները Եգիպտոսի օրինակով Սուրիոյ մէջ բարձրագոյն զինուորական ղեկավարութիւնը իշխանութեան բերելու եւ զօրավարները ռազմավարական կարեւոր որոշումներ տալու համար աւելի լայն լիազօրութիւններով օժտելու տարբերակը կը քննարկեն», ըսած է աղբիւրը:
Ֆրանսական օրաթերթը կը գրէ, որ իրանցի եւ ամերիկացի դիւանագէտները Սուրիոյ հարցով հանդիպած են երկու անգամ` առաջինը օգոստոսին, իսկ երկրորդը` սեպտեմբերին: Հանդիպումներուն վայրին մասին դիւանագէտները ոչինչ նշած են:
CATEGORIES Միջազգային

