«ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՉ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԷ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՄԸՔՏԱՏ
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ռուսիա Եոմ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կարգ մը կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ իրենց հաւաստիութիւնը կորսնցուցած են, որովհետեւ «ճշմարտութիւններուն մէկ աչքով կը նային եւ չեն տեսներ ճշմարտութիւնը, այնպէս ինչպէս որ է»:
«Այդ կազմակերպութիւնները չնշեցին, թէ Սուրիա 2150 բանակայիններ եւ ապահովական ուժերու անդամներ կորսնցուցած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շարք մը ոճրագործներ ձերբակալուելով խոստովանած են, որ իրենք էին քաղաքայինները սպաննողները:
Մըքտատ նշեց, որ ամբողջ շրջանը Սուրիոյ մէջ միջամտութեան դէմ է` աւելցնելով, որ «չենք ուզեր ըսել, որ սէուտական կամ յորդանանեան կամ լիբանանեան կամ թրքական կառավարութիւններն են, որոնք ահաբեկչական խմբակները կը ֆինանսաւորեն, սակայն կը կարծենք, որ գումարները կու գան այդ երկիրներէն` ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ, ուստի այդ երկիրներու մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն կը պահանջենք այդ մէկը չարտօնել, որովհետեւ այդ մէկը, ըստ ՄԱԿ-ի օրէնքներուն, ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորել կը նշանակէ, եւ իրենք սուրիացիները սպաննելու դրամներ կ՛ուղարկեն, եւ կը կարծենք, որ այդ հարցը պէտք է դադրի»:


