ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻ
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը եւ «Սանա» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեցին, որ սուրիական տագնապին վերաբերեալ վերջնական փաստաթուղթին շուրջ Սուրիա-արաբական յանձնախումբ համաձայնութիւնը այսօր պիտի յայտարարուի Գահիրէի մէջ` Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի արտակարգ նախարարական նիստին ընթացքին:
Սուրիական կողմի այս յայտարարութենէն ժամեր առաջ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Մատլիսի արդէն յայտարարած էր, որ Տոհայի մէջ սուրիական պատուիրակութեան եւ Արաբական լիկայի յառաջացուցած յանձնախումբին միջեւ «համաձայնութիւն» գոյացած է, եւ ինք կը յուսայ, որ անիկա Գահիրէի մէջ հաստատուի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սուրիական վարչակարգին խիստ ոճի պատգամներ ուղղելով նշեց, որ այդ վարչակարգը իր ժողովուրդը ճնշելու համար զինեալ ուժերը կ՛օգտագործէ, իսկ Անգարա ատոր նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ: Ան սուրիական վարչակարգին զոհ դարձած անձերը «նահատակներ» նկատեց եւ շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է:
Թուրքիոյ վարչապետը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ ինք վստահ է, թէ սուրիացի ժողովուրդը իր յեղափոխութեան նպատակները պիտի իրագործէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին Սուրիոյ հարցով խիստ կեցուածք մը արտայայտելով յայտարարեց, որ իր երկիրը «պիտի չարտօնէ, որ լիպիական ողբերգութիւնը Սուրիոյ մէջ կրկնուի»` աւելցնելով, որ «մենք Լիպիոյ շուրջ Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած որոշումէն եւ լիպիական ողբերգութենէն ետք բազմաթիւ հարցադրումներ ունինք»:
Լաւրով Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդ-Ռուսիա ռազմավարական երկխօսութեան առաջին հաւաքին ընթացքին նաեւ յայտարարեց, որ «պիտի չարտօնենք, որ այդպիսի բան մը Սուրիոյ մէջ պատահի»` շեշտելով, որ իր երկիրը որեւէ վարչակարգ չի պաշտպաներ:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն դեսպան Վիթալի Չուրքին իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ մէջ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու Արաբական լիկայի ջանքերուն:
Ան նշեց, որ «Ռուսիա եւ Արաբական լիկան կը ջանան Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնել եւ կառավարութեան ու ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կայացնել»` շեշտելով, որ «Սուրիա Ռուսիոյ սերտ գործընկերն է»:
Չուրքին ըսաւ, որ Ռուսիա եւ Չինաստան պատրաստած են Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ մը, որ շատ կը նմանի Եմէնի հարցով Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումին: Ան հարց տուաւ, թէ «ինչո՞ւ Ապահովութեան խորհուրդը Եմէնի հարցով կ՛որդեգրէ որոշում մը, որուն մէջ, առանց պատժամիջոցներով սպառնալու, բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ բռնարարքը դադրեցնելու եւ երկխօսութեան սկսելու, իսկ Սուրիոյ հարցով նոյնպիսի որոշում մը որդեգրելը անընդունելի է»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յոյս յայտնեց, որ հակառակ ներքին խռովութեանց, Ասատ իշխանութեան վրայ մնայ, իսկ արաբական երկիրները ուրախ աւարտի մը համար պէտք եղածը ընեն: «Այդտեղ (Սուրիոյ մէջ) իշխանութեան մէջ որեւէ բաց անկանխատեսելի հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ ան:

