ՄԱԿ ԼԻՊԻՈՅ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՎՆԱՍԱԶԵՐԾԵԼՈՒ ԻՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԶԷՆՔԸ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Լիպիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ վնասազերծելու երկրին մէջ յատնաբերուած հիւլէական զէնքը:

Նախ եւ առաջ խօսքը կը վերաբերի միջցամաքային հրթիռներու վնասազերծման: Բանաձեւին մէջ Ապահովութեան խորհուրդը անհանգստութիւն կը յայտնէ, որ զէնքը կրնայ հասանելի դառնալ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար` Քայիտային:

Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ Լիպիոյ նոր իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` միջազգային մասնագէտներու ներկայութեամբ վնասազերծելու քիմիական զէնքերու բոլոր պաշարները:

Share this Article
CATEGORIES