ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման թղթածրարը քննարկելու բաւական առիթ կայ տակաւին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով Լիբանանի արձանագրած ձգձգումը ժխտական է. ան աւելցուց, որ իրենք պատրաստ են դիմագրաւելու բոլոր մարտահրաւէրները: Միւս կողմէ, սակայն, Ֆլեչըր զգուշացուց Լիբանանի դէմ պարտադրուելիք միջազգային տնտեսական պատժամիջոցներէն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը փափաքէր քաղաքական ասպարէզէն հանգստեան կոչուիլ եւ առիթ տալ փոփոխութեան: Միւս կողմէ, Ռայիս կոչ ուղղեց կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական կարգ մը ուժերու աւելի համեստ գտնուելու եւ վերջ տալու գիշեր-ցերեկ «պայթեցուող» կեցուածքներուն:
ՌՈՒՄԻԷԻ բանտարկեալներուն հարազատները երէկ կէսօրէ առաջ հրկիզուած անիւներով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան: Անոնք պահանջեցին բանտարկութեան տարին վերածել 9 ամսուան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Չինաստանի դեսպան Ուու Ցիշիան յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն եւ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին շուրջ լուծում մը գտնեն` աւելցնելով, որ Չինաստան չի փափաքիր Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ռուսական դեսպանատունը հերքեց «Նահար» օրաթերթին հրապարակած տեղեկութիւնները, որոնք տեղ գտած էին Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հարցազրոյցին մէջ: Ռուսական դեսպանատունը շեշտեց, որ Մոսկուա կը փափաքի, որ Լիբանան լուծում մը գտնէ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման համար` աւելցնելով, որ Լիբանանի վարչապետին հրաժարելուն կամ պաշտօնը շարունակելուն հաւանական որոշումին մասին Ռուսիա ոչ մէկ կարծիք ունի, որովհետեւ այդ մէկը կը նկատէ ներքին լիբանանեան հարց:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման քննարկումը կարելի չէ յետաձգել: Այս ծիրին մէջ ան յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պատրաստ է երկխօսութեան նիստերուն մասնակցելու, եթէ երկխօսութեան քննարկելիք թղթածրարը ըլլայ Դիմադրութեան ապազինումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու արաբական ազգային միասնականութեան եւ անշեղ մնալու Դիմադրութեան ուղեգիծէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ իրենք ընտրական նոր օրինագիծին նկատմամբ կանխատրամադրուած չեն. ան աւելցուց, որ իրենք այդ օրինագիծէն տակաւին տեղեակ չեն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախարարները պիտի զօրակցին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը յետաձգելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելման մասին Պետական շուրայի խորհուրդին որոշումը կարիքը ունի լուրջ ուսումնասիրութեան:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Ռաշայա Ուատիի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Պարուքի վերեւ` խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Հըզպալլային խորհուրդ տուած է իր գրաւը չդնել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ` աւելցնելով, որ Ասատի տապալումը անխուսափելի է:
ԺՆԱՀԻ Զահրա կառավարական հիւանդանոցին կից երէկ գտնուեցաւ սնտուկ մը, որ կը պարունակէ 50 ձեռնառումբեր եւ հրասանդներ: Ներքին ապահովութեան ուժերը շրջափակեցին շրջանը` փոխադրելու համար գրաւուած այդ զինամթերքը:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուելի Ճեսի Ճեքսըն քրիստոնէական «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը բռնարարքներով լեցուած է` աւելցնելով, որ Լիբանանն է շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման բանալին:

