ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐէ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐԸ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կը քաջալերէ լիբանանցի այն գործատէրերը, որոնք կը մասնակցին Լիբանանէն դուրս կատարուող ցուցահանդէսներուն, որովհետեւ այդ մասնակցութիւնը առիթ է օտարներուն ծանօթացնելու իրենց արտադրութիւնները:

Նախարար Սապունճեան շնորհաւորեց լիբանանցի բոլոր գործատէրերը, որոնք մասնակցեցան Ֆրանսայի մէջ լիբանանեան արտադրութեանց ցուցահանդէսին, որ առիթ մըն է ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն եւ ներդրողներուն` ծանօթանալու եւրոպացի գործատէրերուն եւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Ֆրանսայի ցուցահանդէսին` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած նախարարութեան ներկայացուցիչը բազմաթիւ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է նախարարութեան, գործող հաստատութիւններուն եւ անոնց աշխատանքներուն մասին

 

Share this Article
CATEGORIES