ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը` լիբանանեան բանակի պատասխանատուներու, իսրայէլեան ուժերու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի միջեւ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծի խախտումները, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման քայլերը:
Հանդիպումէն ետք զօր. Ասարթա յայտնեց, որ ինք գոհ կը զգայ կատարուած քննարկումներուն համար` աւելցնելով, որ անոնք կատարուած են շինիչ մթնոլորտի մէջ: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մնայուն կերպով այդ հանդիպումները շարունակել` պահպանելու համար սահմանային խաղաղութիւնը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարը շեշտեց, որ ինք շատ ուրախ է եւ գոհ հարաւի մէջ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով` ընդգծելով նաեւ, որ պէտք է շարունակել այդ բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը:

