ՄԱՆՍՈՒՐ ԱՅՍՕՐ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ ԳԱՀԻՐԷ

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Ալի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր այսօր պիտի մեկնի Գահիրէ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի մէջ տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք դեսպան Ալի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել արաբական միացեալ աշխատանքը եւ ոչ ոքի առիթ տալ` շրջանը պառակտելու, անոր ապահովական կայունութիւնը հարուածելու եւ Իսրայէլը հզօրացնելու:

Ալի ընդգծեց, որ Դամասկոսի փափաքն է, որ արաբական աշխարհը զօրակցի արաբական հարցերուն:

Ալի նկատել տուաւ, որ Սուրիա շատ լուրջ է գործակցելու որեւէ առաջարկի հետ, որ կը ծառայէ արաբ ազգին շահերուն եւ արաբական աշխարհին ապահովութեան:

Share this Article
CATEGORIES