ԶԷՆՔ ԿՐԵԼՈՒ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՍԱՌԵՑՈՒՄ

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, այսօր` չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2011-էն սկսեալ, զէնք կրելու արտօնագիրները պիտի սառեցուին  ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Ըստ շրջաբերականին, զէնքի արտօնագիրներու սառեցման որոշումը ի զօրու է մինչեւ անորոշ թուական, սակայն այդ որոշումէն բացառուած են դիւանագիտական անձնաւորութիւններուն, նախարարներուն, երեսփոխաններուն եւ պետական պաշտօնատարներուն ընկերակցող թիկնապահները:

Share this Article
CATEGORIES