ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԻՆԻՈՐԱ ՉԷ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԱԾ, ԱՅԼ` ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔԸ ՄԵՐ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր կատարած որոշ արարքներուն համար ամբաստանուած չէ, այլ` դատապարտուած, որովհետեւ կան որոշ փաստաթուղթեր, որոնք ուղղակի կը մեղադրեն զինք: «Մենք օդին մէջ չենք պախարակեր, իսկ մեր արժէքը կը կայանայ մեր անկեղծութեան մէջ», նշեց զօր. Աուն:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք լիբանանցի ժողովուրդին համար կը ստեղծեն զարթօնքի շրջան մը` աւելցնելով, որ եթէ ժողովուրդը չհակազդէ այս արշաւին, ապա ան պիտի չկարենայ պաշտպանել իր շահերը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ ինք դատական հարց պիտի յարուցէ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին դէմ:
Անդրադառնալով լիբանանեան ազգային երկխօսութեան` զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք համաձայն է մասնակցելու այդ երկխօսութեան, պայմանաւ որ յստակ նիւթի մը շուրջ ըլլայ այդ երկխօսութիւնը: Ան մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ որոշումը Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ է, որովհետեւ Իսրայէլն է, որ Լիբանանի դէմ յարձակում կը գործէ:
«Դիմադրութիւնը բռնագրաւուած հողերն է, որ կը պաշտպանէ եւ կը ջանայ զանոնք ազատագրել», եզրափակեց զօր. Աուն:


