ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՖԼԵՉԸՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Դեսպան Ֆլեչըր եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին Լոնտոն կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի եւ անոր բրիտանացի պաշտօնակիցը` Տէյվիտ Քամերոն, կը փափաքին աշխատանքային լեցուն օրակարգով հանդիպում մը ունենալ:

Բրիտանացի դեսպանը հաստատեց նաեւ, որ Լոնտոնի հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց մէջ կ՛իյնան Լոնտոնի կողմէ լիբանանեան ենթակառոյցի մարզին բարգաւաճման նպատակով կատարուելիք ներդրումները:

Ֆլեչըր նշեց նաեւ, որ Միքաթի եւ Քամերոն պիտի քննարկեն լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս պաղեստինեան հարցն ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնները:

Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լոնտոն կը փափաքի Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքները յարգուած տեսնել:

Միքաթի ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը, որ մերժեց վարչապետ Միքաթիի հրաժարումին հաւանականութիւնը:

Հըս նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը պէտք է քննարկուի կառավարութեան կողմէ` աւելցնելով, որ Միքաթի կը զօրակցի այդ ատեանի աշխատանքին շարունակումին:

Վարչապետին այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումէն շատ աւելի կարեւոր է Լիբանանի կառավարութեան այն համոզումը, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ արդարութիւն հաստատել: «Իսկ եթէ մենք կը փափաքինք երկրին մէջ ազգային համերաշխութիւն եւ միասնականութիւն պարտադրել, ապա պէտք է բացայայտենք ճշմարտութիւնը  եւ գործադրենք արդարութիւնը, իսկ կառավարութիւնը պէտք է համոզուի, թէ Միջազգային դատական ատեանը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, ինչպէս նաեւ կարեւոր է ազգային միասնականութեան եւ հաշտութեան համար», ընդգծեց Ժեմայէլ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած են տեղեկատուութեան նախարարութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային տեղեկատուութեան յատուկ օրէնքը:

Share this Article
CATEGORIES