ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով երէկ Ալիկ Սարգսեան ազատ կացուցուեցաւ Հայաստանի ոստիկանապետի պաշտօնէն: Նախագահի այլ հրամանագիրով մը Ալիկ Սարգսեան նշանակուեցաւ նախագահի խորհրդական:
Անոր փոխարէն նախագահ Սերժ Սարգսեան ոստիկանապետ նշանակեց Վլատիմիր Գասպարեանը` զայն ազատ կացուցելով պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնէն:
Նշենք, որ Վլատիմիր Գասպարեան 13 տարի շարունակ` 1997-2010 թուականներուն զինուորական ոստիկանապետի պաշտօնը ստանձնած էր: Նոր նշանակուած ոստիկանապետը իր կրթութիւնը ստացած է Վոլկոկրատի ոստիկանութեան բարձրագոյն ակադեմիային մէջ:
Երէկ ոստիկանութեան ղեկավար կազմին ներկայացնելով Վլատիմիր Գասպարեանը` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ այսօր Հայաստանի ոստիկանութիւնը կարիքը ունի «Վլատիմիր Գասպարեանի տիպի ղեկավարի»:
Ըստ նախագահին, Վլատիմիր Գասպարեան պատուով պիտի կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները: Ան աւելցուց, որ ժողովուրդը ինքզինք աւելի պաշտպանուած պիտի զգայ եւ ոստիկանութեան մէջ բարեփոխումները պիտի շարունակուին:
Նոր նշանակուած ոստիկանապետը իր կարգին վստահեցուց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ ժողովուրդին մէջ օրէնքին գերակայութիւնը ամրապնդելու համար: Ան նշեց, որ ժամանակն է խօսքերէն գործի անցնելու: Ըստ անոր, ոստիկանութեան մէջ սկսած բարեփոխումները շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին պիտի հասնին իրենց աւարտին եւ ժողովուրդին մէջ պիտի գերիշխէ օրէնքի գերիշխանութիւնը: Ան իր առջեւ հաւաքուած ծառայական ընկերներուն խօսք տուաւ, որ իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները պատշաճ ձեւով պիտի լուծուին:
Ինչ կը վերաբերի նախկին ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանին, ապա նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ան կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները, որոնց համար նախագահը անոր շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ներկաներուն տեղեկացուց, որ Ալիկ Սարգսեանը նշանակուած է նախագահի խորհրդական:
Ուշագրաւ է, որ Ալիկ Սարգսեան միայն երէկ առաւօտեան տեղեկացած էր իր պաշտօնանկութեան մասին, մինչդեռ նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան գրեթէ բոլոր համացանցային լրատուամիջոցները արդէն հաղորդած էին ոստիկանապետի պաշտօնանկութեան լուրը:
Ալիկ Սարգսեան դժուարացաւ ըսել, թէ ի՞նչ է զինք աշխատանքէն ազատ կացուցելու պատճառը: Ամէն պարագայի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ պատրաստ է առանց քննարկման ընդունելու նախագահ Սարգսեանի կողմէ կատարուած որեւէ նոր պաշտօնի առաջարկ:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք անոր պաշտօնանկութիւնը վատ աշխատանքո՞վ պայմանաւորուած է, Ալիկ Սարգսեան նշեց, որ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ իր ցուցանիշները շատ լաւ են, իրադրութիւնը կը վերահսկուի, անձնապէս հասարակական կարգի խախտում չունի եւ որեւէ հարց չունի ոստիկանութեան բացերուն հետ կապուած:
«Ես չեմ գիտեր` նախագահն է, որ կ՛որոշէ: Ինչպէս որ օր մը որոշած եւ նշանակած էր, օր մըն ալ ազատ պիտի կացուցէր, ինչի՞ մասին է խօսքը: Նոր եկողը նոր ձեւով պիտի աշխատի, նոր պահանջներ պիտի ըլլան, կը կարծեմ, որ եկողն ալ պատահական մարդ չէ, արհեստավարժ է, որեւէ խնդիր չկայ: Շատ լաւ կը ճանչնամ, մեր մարդուժին մաս կը կազմէ, այնպէս չէ, որ քաղաքական խնդիր կը լուծուի: Ան ոստիկան է», ըսաւ Սարգսեան:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵ՞ՏԸ ԵՒՍ…
Եթէ Ալիկ Սարգսեանի պաշտօնանկութեան մասին տեղեկութիւնները երէկ իրականութիւն դարձան, ապա մինչեւ ուշ գիշեր վարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը աշխատանքէ ազատ կացուցելու մասին լուրերը չհաստատուեցան:
Նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Զոյա Բարսեղեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ Արմէն Գէորգեանի պաշտօնանկութեան մասին` նախանցեալ օրուընէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ:


