ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Յովիկ Աբրահամեան երէկ ուշ երեկոյեան հրաժարեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի իր պաշտօնէն:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահ եւ կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան Յովիկ Աբրահամեանին առաջարկեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն գլխաւորել Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւը:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, Աբրահամեան ընդունեց առաջարկը եւ սեփական նախաձեռնութեամբ հրաժարեցաւ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնէն, որպէսզի կեդրոնանայ նախընտրական հոլովոյթին վրայ: Այս տեղեկութիւնները «Ազատութեան» փոխանցեց Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով:
CATEGORIES Հայկական


