ԷՏԿԱՐ ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍ ՏԱՐԻՆ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ ռուսական Ուրալ խումբին մաս կազմող Էտկար Մանուչարեան, որ վերջին անգամ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ Իրլանտա – Այիր մրցումին (Եւրօ-2012), այս տարեշրջանին դաշտ պիտի չներկայանայ, յայտնեց անոր ակումբին հրապարակած յայտարարութիւնը:
Ակումբին բժիշկը յայտնեց, որ վիրաւոր Մանուչարեան մինչեւ այս տարուան աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Ներկայիս անոր կազմը 58 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան: Առաջին ութ դիրքերը գրաւողները յառաջիկայ տարի կը սկսին Բ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնց իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մանուչարեան:
Յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը ապահոված է նաեւ Արթուր Սարգիսովի կազմը` Շիննիք, որ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Սակայն Ռոման Պերեզովսքիի եւ Արտակ Ալեքսանեանի կազմը` Խիմքի, Բ. հանգրուանին պիտի չկարենայ մասնակցիլ, որովհետեւ այժմ 45 կէտով կը գրաւէ 11-րդ դիրքը:


