ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ԳՆԵԼ

Պուլկարական «24 ժամ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Պուլկարիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը համաձայն գտնուած է, իր երկու ծանրաբարձները` Պոյանքա Քոսթովա եւ Վալենթին Հրիսթով, փոխան 400 հազար եւրոյի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան հանդէս գան Ազրպէյճանի հաւաքականին հետ:

Քոսթովա 2010-ի տեղի ունեցած պատանիներու առաջին ողիմպիական խաղերուն ախոյեանն է, իսկ Հրիսթով այս տարի Ազրպէյճանի դրօշակին տակ արդէն իսկ հանդէս եկած է Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին:

Նշենք, որ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը արդէն իսկ հսկայական գումարներ վճարելով գնած էր պուլկարացի երեք ծանրաբարձներ: Սակայն անոնցմէ երկուքը որակազրկուած էին խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալու յանցանքով, մինչ երրորդը` Սիլվիա Անկելովա, արդէն իսկ որեւէ արդիւնք չէր արձանագրած:

Share this Article
CATEGORIES