ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՓԻՒՆԻԿ – ԳԱՆՁԱՍԱՐ` 1-1
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փիւնիկ Երեւան կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, երբ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Գանձասարի հետ: Մարքոս Փիցելլի նշանակեց Փիւնիկի կոլը (40-րդ), իսկ Արթուր Քոչարեան` Գանձասարի կոլը (79-րդ):
Միքա 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Արարատի դաշտէն, գրաւեց պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Փիւնիկը (2-րդ) եւ Շիրակը (3-րդ):
Շիրակ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իմփուլսը:
Վերջապէս, չորրորդ եւ վերջին ճակատումին, Բանանց իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուլիսէն:
CATEGORIES Մարզական