ՃԱՏՐԱԿ. ԷՅՄՊԸՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ` ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ
Երէկ` Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող Էյմպըրի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան արագ ճատրակի մրցումներուն յաղթեց իր հնդիկ մրցակիցին` Վիշվանաթան Անանտի, իսկ «կոյր» ճատրակին հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Ինչ կը վերաբերի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արոնեան «կոյր»ի մրցումներուն յաղթեց Պորիս Կելֆանտի (Իսրայէլ), իսկ արագ մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Արոնեան 11,5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը` կէս կէտով գերազանցելով Մակնիւս Քարլսընը (Նորվեկիա):
Այսօր` երկուշաբթի, 21 մարտը հանգիստի օր է:
CATEGORIES Մարզական