ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԵՈՒՐԱ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպարտակ Նալչիքը` արձանագրելով տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Թէեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան դարձեալ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր Քրասնոտարի հետ, սակայն ան 64-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ: Վեց վայրկեան ետք ան նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, այսպիսով նշանակելով տարեշրջանի իր առաջին կոլը` Ռուսիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Քրասնոտար ունեցաւ 4 կէտ` նկատի ունենալով, որ իր կատարած առաջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրած էր:
CATEGORIES Մարզական