ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԿՈԼ ՄԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿԸ
Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Շախտիոր Տոնեցք իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Վոլինը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան 69-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Այդ կոլէն բացի, ան ճանչցուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը, որովհետեւ ունեցաւ բացառիկ խաղարկութիւն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Տոնեցք ամրապնդեց պարագլուխի դիրքը` ապահովելով տարեշրջանի իր 58-րդ կէտը:
2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Տինամօ Քիեւ, որ երէկ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Տնեփրէն, այժմ ունի 46 կէտ:
CATEGORIES Մարզական