ԼԻՊԻՈՅ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ

Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Ափրիկէի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները Լիպիոյ փոխարէն տեղի պիտի ունենան Հարաւային Ափրիկէի մէջ:

Սկզբունքով այս մրցաշարքը պիտի սկսէր երեք օր առաջ (18 մարտին): Սակայն նկատի ունենալով Լիպիոյ մէջ տիրող պատերազմական դրութիւնը, անիկա յետաձգուեցաւ:

Որոշուեցաւ այս մրցաշարքը հիւրընկալելու իրաւունքը տալ Հարաւային Ափրիկէի, որ հիւրընկալեց 2010-ի Մոնտիալը:

Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ մրցաշարքին նոր թուական մը ճշդուեցաւ. 17 ապրիլէն 2 մայիս:

Այս մրցաշարքի զտումի մրցումներուն Հարաւային Ափրիկէ չէր յաջողած ապահովել աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` դուրս մնալէ ետք Լեզոթոյէն: Այժմ ինքզինք բախտաւոր կը զգայ, որ Լիպիոյ փոխարէն ինք պիտի մասնակցի մրցաշարքին:

Նշենք, որ Ափրիկէի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան կիսաւարտականի հասնող չորս խումբերը պիտի ապահովեն 20 տարեկանէն վար աշխարհի Մոնտիալի բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսերը: Աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս տարեվերջին` Քոլոմպիոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES