ՀԱՄՄԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՐՈՒՏԻԻ

Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ այցելեց Ռիատի Պէյրութի նախագահ Հիշամ Ժարուտիի: Վերջինիս գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումին, որուն ներկայ էր նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի մարզական հարցերու պատասխանատու Հուսամ Զըպիպօ, Համմամ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մասնակի ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները եւ համախոհական ցանկին կազմութեան հետ առնչուող հարցեր:

Յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Համմամի եւ Ժարուտիի միջեւ տեղի պիտի ունենայ երկրորդ հանդիպում մը եւս:

 

Share this Article
CATEGORIES