ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄ ԻՐ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏՍ ՉԿՈՉԵՑ
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի քաթարցի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւններուն իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ, որովհետեւ կ՛ուզէ յառաջիկայ յունիսին պայքար մղել ՖԻՖԱ-ի այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըրի դէմ:
61 տարեկան քաթարցին, որ իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Քուալա Լամփուրի մէջ գտնուող Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիէն, ըսաւ սակայն, որ ձախողութեան պարագային ոչ մէկ թշնամանք պիտի տածէ զուիցերիացի Պլեթըրի նկատմամբ:
Պըն Համմամ ըսաւ, որ պիտի փորձէ հանդիսանալ ՖԻՖԱ-ի 9-րդ նախագահը` պարտութեան մատնելով Պլեթըրը, որ 13 տարիէ ի վեր կը վարէ այս պաշտօնը:
CATEGORIES Մարզական