50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԿՈՄԿՈՒՍԻ 22-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

ԿԸ ԽՕՍՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

«1936-1938-Ի ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԷԻՆ
ՄՈԼՈԹՈՎԻ ԵՒ ՄԱԼԵՆՔՈՎԻ ԿՈՂՄԷ»

Մինչ ռումբերը կը շարունակեն պայթիլ, ԻԲ. համագումարը իր կարգին կը շարունակէ ուրիշ տեսակ ռումբեր տեղացնել Մալենքովի, Մոլոթովի, Կաքանովիչի եւ Վորոշիլովի գլխուն:

Առաջին անգամ ըլլալով խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի 1936-1938 մաքրագործումներուն մասին: Շվեռնիքն է, որ ամէնէն ծանր ամբաստանագիրը կարդաց հակակուսակցական խմբակին դէմ: Ինք է, որ կը նախագահէ այն յանձնախումբին, որուն պաշտօնն է վերապատուել անարդարօրէն դատապարտուած համայնավարները:

Շվեռնիք պնդեց, թէ Մոլոթով եւ Մալենքով, Եժովի եւ Բերիայի մեղսակիցներն էին, եւ թէ` «Մալենքով անձնապէս կը հարցապնդէր Պիելոռուսիոյ եւ Հայաստանի իբր թէ դաւադիրները, անընդունելի մեթոտներով»: Շվեռնիք ամբաստանեց նաեւ կաքանովիչը, որ ապօրինի դատավարութիւններ ստեղծած է եւ իր բոլոր գործակիցները ձերբակալել տուած է:

Կը թուի, թէ Խրուշչեւէն ետք ամէն խօսող բան մը կ՛աւելցնէ հակակուսակցական խմբակին դէմ եւ շեշտը օրէ օր եւ մարդէ մարդ կը բարձրանայ: Այսօր բոլորը կը պահանջեն, որ Մալենքով, Մոլոթով, Կաքանովիչ արտաքսուին կուսակցութենէն, մինչեւ իսկ Հայաստանի կոմկուսի Ա. քարտուղարը` Զարոբեան:

Անդրադառնալով Շվեռնիքի յայտարարութեանց, «Լը Մոնտ» կը գրէ, թէ առաջին անգամն է, որ հրապարակաւ կը խօսուի Հայաստանի զանգուածային մաքրագործումներուն մասին:

Շվեռնիք մասնաւորապէս ծանրացած է Մոլոթովի մեղքերուն վրայ` 1934-էն մանրամասնութիւններ յիշելով: Մոլոթովի կառքը օր մը զարնուած է ուրիշ կառքի մը, որուն մէջ գտնուողները ամբաստանուած են իբրեւ անձեր, որոնք մահափորձ կատարած են Մոլոթովի դէմ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Գահիրէի «Էճիփշըն Կազեթ» թերթը 27 հոկտեմբերի թիւին մէջ կը գրէ.-

Հայաստանի պետական ժողովրդային պարախումբը, որ ամբողջ շաբաթ մը Գահիրէի մէջ ներկայացումներ պիտի տայ, քաղաքս հասաւ Հայաստանէն` առասպելական երգերու եւ պարերու երկրէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ժողովրդային արուեստի աննման գանձ մըն է:

Իր նպատակն է պահպանել ձայնային արուեստը, նաեւ` ժողովրդային աւանդական պարերը, ինչպէս որ կ՛երգուին ու կը պարուին Հայաստանի ժողովրդական շրջանակներուն մէջ:

Յայտագրին այլազանութիւնը պիտի շլացնէ հանդիսականները: Հաճելի է դիտել զանազան տեսարանները: Երգերուն պէսպիսութիւնը հրապուրիչ է, որոնք կը պահեն թարմութիւնն ու հարազատութիւնը Հայաստանի աւանդութիւններուն: Պարերը կը ներկայացնեն հոյակապ համադրութիւն մը` առնականութեան, կորովի, երգիծանքի, առաքինութեան եւ ընդհանրապէս պարզութեան:

Մեներգիչները, իրենց գլուխը ունենալով Լորտ Հազարեանը եւ Ալպեր Կիզերեանը, կատարելապէս մշակուած ձայն ունին: Աղջիկները գեղանի ու դիւթիչ են` արքայական շքեղութեամբ:

Հայկական երաժշտութիւնը իրապէս հարուստ եւ գունագեղ է: Ժողովրդական երգերը գեղջկական կեանքի մասին լայն գաղափար կու տան: Իրական պատկերներ են ժողովրդական կեանքէ:

Հռչակաւոր սոփրանօ Օֆելիա Համբարձումեան եւ նոյնքան ծանօթ երգիչ պարիթոն Յովհաննէս Բադալեան մեծ ժողովրդականութիւն շահած եւ սիրուած են Հայաստանի ձայնասփիւռի ունկնդիրներուն կողմէ: Երկուքը միասնաբար աննախընթաց ու մեծ փայլ կու տան ներկայացումներուն:

Շքեղ տարազները կարուած են շատ գեղեցիկ ասեղնագործութեամբ, որոնց փայլը աւելի եւս կ՛աւելնայ գոյնզգոյն երիզներով:

Պարողներուն հագած մետաքսէ ու բուրդէ բաճկոնակները օրինակներ են նուրբ ու դիպուկ ճաշակի, որ աւելի ներդաշնակութիւն եւ լոյս կու տայ իրենց աշխարհիկ պարերուն:

Այս հրապուրիչ ու զգլխիչ տեսարաններով մենք կը փոխադրուինք երեւակայութիւններու եւ ըղձանուշներու աշխարհը` վայելելով գեղեցկութիւնը հայկական ժողովրդական պարերուն, որոնք աշխարհի մէջ ոչ մէկ տեղ տեսնուած են նախապէս:

Share this Article
CATEGORIES